Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ սկսաւ Հայաստանի նախագահի 18 Փետրուարի ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւը:

Ինչպէս ծանօթ է պաշտօնին համար կը մրցին 8 թեկնածուներ՝ Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Յարութիւնեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, «Ռատիօ-հայ»-ի տնօրէն, քաղաքագէտ Անդրէաս Ղուկասեան, Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, Հայաստանի գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սար- գըսեան եւ գործազուրկ, դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեան:

 
«Այս Ընտրութիւնները Վերածուած Են Խաղի Մը, Որ Կանոններ Չի Ճանչնար» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

 Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդման ընթացքին յայտնեց, որ «մենք յառաջիկայ մէկուկէս-երկու ամիսը որոշակի դադարի մէջ ենք: Ճիշդ է, որ պետութեան մէջ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնները պիտի ըլլան», բայց իրենց կանխատեսելիութեամբ որեւէ ակնկալիքի տեղ չեն ձգեր»:

Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները չեն կրնար ըլլալ դանդաղ. այնքան ակնյայտ եւ դժուար են խնդիրները, որ անոնց քայլ առ քայլ լուծումը ոչ մէկ տեղ կը տանի, անհրաժեշտ են արմատական, կտրուկ փոփոխութիւններ: «Մենք եկած ենք սահմանագիծի մը, որ ոչ թէ կը փորձենք քննարկել ու լուծել: Այսօր վտանգաւոր վերջին սահմանագիծն է, որմէ ետք պիտի ըլլան փոփոխութիւններ», ընդգծեց Վարդանեան:

Աղուան Վարդանեան նաեւ շեշտեց, որ 1995-էն սկսեալ ընտրական համակարգը՝ իբրեւ իշխանութիւն փոխելու միջոց, Հայաստանի մէջ ոչնչացած է: Այս բնոյթի ընտրութիւններուն մասնակցիլ կը նշանակէ ձեւ ընել, թէ ընտրութեամբ զբաղած ենք:

Դաշնակցական պատգմաւորը մատնանշեց նաեւ ՀՅԴ խնդիրները: «Մենք ունինք լրջագոյն հարց, որուն կը գիտակցինք. մենք ունինք լաւ պատմութիւն, հրաշալի ծրագիրներ, լաւ խումբ: Բայց մենք ունինք  խնդիր մը՝ դժբախտաբար, չենք յաջողած այս ընթացքին հասկնալի, պարզ ձեւով մեր հասարակութեան, քաղաքացիներուն, ընկերային շերտերուն ապացուցել, որ մեր գաղափարը, ճամբան երկրին համար իրագործելի ծրագիրներ են, որ Դաշնակցութեան հետ քաղաքացին յոյս կապէ: Ասոնք առարկայական պատճառներ են»:

Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի ընելիքները պիտի սկսին ընտրութիւններէն ետք:

«Այս ընտրութիւններով իշխանափոխութիւն կատարելու յոյս չեմ տեսներ: Այս ընտրութիւնները վերածուած են խաղի մը, որ կանոններ չի ճանչնար: Այս ընտրութիւններով երկրին, քաղաքացիին առջեւ կանգնած խնդիրները չեն լուծուիր», ըսաւ ան եւ եզրակացուց. «Քաղաքական դաշտի վերաձեւաւորուիլը ակնյայտ է»:

 

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան Սերժ Սարգսեանը կը հրաւիրէ բանավէճի

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, թէ ինք դէմ է, որ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ընթացքին իրեն ընկերակցին ոստիկաններ, անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներ: Ան յաջողութիւն մաղթած է իր մրցակիցներուն՝ կոչ ուղղելով արդար, հաւասար, արժանապատիւ եւ մրցակցային պայքարի մթնոլորտի ստեղծման:

«Եթէ Սերժ Սարգսեանը ցանկանում է ազատ, արդար ընտրութիւններ, պէտք է բացառի օրէնքի խախտումը, թոյլ չտայ, որ որեւէ մէկը խախտի ընտրական օրէնսգիրքը, օրէնսդրութիւնը», յայտնած է Ռաֆֆի Յովհաննէսեան. «Իմ հիմնական մրցակցին՝ պարոն նախագահին, հրաւիրում եմ հրապարակային բանավէճի՝ բացօթեայ, կամ հեռուստատեսային»:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը նաեւ դիմած է Սերժ Սարգսեանին՝ կոչ ուղղելով, որ ան կեանքի կոչէ իր ներկայացուցած 15 կէտերը. «Մենք ունենալու ենք շարժունակ քարոզարշաւ, եւ այդպիսին կը լինեն նաեւ մեր շտաբները: Քարոզարշաւի պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ շտաբի գաղափարական պետը ես եմ լինելու», ըսած է ան:

  

Սերժ Սարգսեանը Աւան վարչական շրջանէն սկսաւ իր քարոզարշաւը

Հայաստանի գործող նախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեան իր նախընտրական քարոզարշաւը սկսաւ Յունուար 21-ին Աւան վարչական շրջանէն:

Աւանի մշակոյթի տան մէջ ՀՀ նախագահը հանդիպում ունեցաւ շրջանի բնակիչներուն հետ: ՀՀԿ առաջնորդին կ'ուղեկցէր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: Նախագահի թեկնածուն ներկայացուց իր նախընտրական ծրագրին առնչուող մանրամասնութիւններ:

«Վստահեցնում եմ՝ 2018 թուականին մենք ապրելու ենք շատ աւելի լաւ Հայաստանում: Հաստատուն քայլերով ենք գնալու այդ ճանապարհով, դէպի ապահով Հայաստան տանող ճանապարհով»,-ըսած է նախագահի թեկնածու, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեանի նախընտրական ծրագրի նախաբանին մէջ:

Սերժ Սարգսեանի նախընտրական ծրագիրը ունի «Ապահով հայրենիք» նշանաբանը, յաւելեալ «Ապահով Հայրենիքի թիւ մէկ գրաւականը՝ Հայոց բանակ», «Արտաքին քաղաքականութիւնը դէպի ապահով Հայաստանի ճանապարհին», «Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը որոշողը միայն ու միայն Արցախի ժողովուրդն է», եւ այլ նշանախօսքեր: