Երաժշտահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեան ծնած է Երեւան 22 Յունուար 1921-ին: Ըստ Aysor.am-ի‘ Արամ Խաչատրեան անոր տաղանդը նկատած է, երբ ան տակաւին 5 տարեկան էր եւ որոշած, որ տղան պէտք է երաժշտութեամբ զբաղի:
Այնուհետեւ, 1929-ին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցը, որ աւարտելէ ետք յաճախած է երաժշտանոց: Այնուհետեւ, 1948-ին ուսումը շարունակած է Մոսկուայի երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժնին մէջ‘ միաժամանակ կատարելագործուելով Մոսկուայի մէջ գործող Հայաստանի մշակոյթի տան կից գործող արուեստանոցին մէջ:
1950-1956 թթ. դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ: 1956-էն ետք հաստատուած է Մոսկուա, ուր եւ մահացած է 11 Նոյեմբեր 1983-ին:
Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործական հարուստ ժառանգութիւնը կը ներառէ երգեր, գործիքային կատարումներ, սիմֆոնիկ երաժշտութիւն: Ան ստեղծագործած է տարբեր ոճերով‘ դասական, բոբ, ճազ:
Բաբաջանեանի ստեղծագործական ոճը ձեւաւորուած է Արամ Խաչատրեանի եւ Սերգէյ Ռախմանինովի ազդեցութեամբ: Իսկ անոր ստեղծագործական անհատականութիւնը դրսեւորուած է դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար գրուած «Հերոսական պալլատ»-ին մէջ (1950) եւ դաշնամուրային «դրիօ»-ին մէջ (1952): Լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Հայկական ռաբսոտիա»-ն գրած է 1950-ին:
Խորհրդային լաւագոյն շարժանկարներէն շատերուն մէջ կը հնչեն անոր հեղինակած կատարումները‘ «Առաջին սիրոյ երգը», «Երջանկութեան մեխանիկան», «Հարսնացուն հիւսիսից» եւ այլն: Գրած է տարբեր ստեղծագործութիւններ‘ «էլեգիա», «Նոկտիւրն» եւ այլն: