Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հանդիպումներ ՀՀ նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի հետ

Հայաստան կ'այցելէ ՀՀ նախագահական ընտրութիւններուն ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար տիկին Կարին Վոլդսեթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

 Երէկ հանդիպումներ կայացան ՀՀ նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։

Ողջունելով հիւրերու ներկայութիւնը նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դրական գնահատեց Հայաստանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի ու Խորհրդարանական վեհաժողովի միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ կարեւորեց այդ կառոյցներու դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու առաջընթացի գործին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուց ընտրական գործընթացներու բարելաւման ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ կատարուած աշխատանքը:

Զրոյցի ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեանը վերահաստատեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը՝ իր իրաւասութիւններու ծիրէն ներս աջակցելու դիտորդական առաքելութիւններուն։