Մի քանի անգամ իր այցելութիւնը յետաձգելէ ետք՝
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն համաձայն, Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի:
Ինչպես կը նշէ «Հրապարակը», իր դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ ան Հայաստան պիտի գտնուի Հոկտեմբեր 7-9: Սարքոզին, որու այցելութիւնը Հայաստան մի քանի անգամ յետաձգուած է, տարածաշրջանային այցով պիտի ժամանէ նախ Վրաստան, ապա Հայաստան անցնելով: Կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ Ատրպէյճան պիտի կատարէ:
Հաւանական է որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուի ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը:
Նախապէս, այս տարուան Մայիս 17ին, աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական խորհրդական Ժան Տաւիտ Լեւիտի հետ քննարկած էր Ֆրանսայի նախագահի Հայաստան այցելութեան վերաբերող հարցերը: