Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վրաստանի վարչապետ Բիձինա Իվանիշվիլին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յավերժացնող յուշահամալիր:

Բիձինա Իվանիշվիլին յարգանքի տուրք մատուցեց
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ

Ապա Վրաստանի նախագահը հանդիպում եւ մամլոյ ասուլիս ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Բիձինա Իվանիշվիլին՝ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր յաղթանակին առիթով: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը պատիւով կատարէ իր ստանձնած պարտականութիւնները: Նախագահը ընդ-գծեց, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Վրաստանի մէջ կայունութեան պահպանմամբ եւ կը ցանկայ աւելի ամրապնդել եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք օգուտ կը բերեն եւ՛ հայ, եւ՛ վրացի ժողովուրդներուն:

Վրաստանի վարչապետը վստահեցուց, որ իր կառավարութիւնը կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայ-վրացական յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ դառնան լաւագոյնը: Իվանիշվիլի նշեց, որ Հայաստանի վարչապետին հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն շուրջ հանգամանալի բանակցութիւններ վարած է, եւ առիթ չկայ մտածելու, թէ որեւէ հարցով կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու խնդիր կÿունենան:

Վրաստանի վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ երկու դրացի պետութիւնները կÿապրին կողք-կողքի եւ պարտաւոր են իրար օգնել ու բարձրացնել երկու երկիրներու տնտեսութիւնները: