Երէկ Արցախի Հանրապետութիւն ժամանեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեանը: