ՀՀ փոխ վարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի մօտ Յունուար 11-ին կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան «Համագործակցութեան մշակութային մայրաքաղաքներ» միջպետական ծրագրի իրականացման առնչուող հարցեր:
Համապատասխան որոշում ընդունուած է ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին կողմէ, որով 2013թ-ին ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակուեցաւ նաեւ Գիւմրին:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Շիրակի մարզպետ Աշոտ Գիզիրեանը, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամվէլ Բալասանեանը, ՀՀ արտաքին գործերու, մշակոյթի եւ տարածքային կառավարման նախարարութեան ներկայացուցիչներ: Յ. Պօղոսեանը տեղեկութիւններ ներկայացուց Գիւմրիի մէջ նախատեսուող միջոցառումներու մասին՝ նկատելով, որ կը ստեղծուի լաւ հնարաւորութիւն քաղաքին մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնելու, տարբեր ծրագրեր իրականացնելու համար: