Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի  նախագահը արտաքին  քաղաքականութեան գլխաւոր  նպատակ  կը  հռչակէ ղարաբաղեան  հարցի  լուծումը

«Մեր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակն է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձահարուած յարձակողական պատերազմին ընթացքին տարած յաղթանակի վերջնական իրաւական ձեւակերպումը»,

երէկ յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ խօսք առնելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Հայաստանի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ղեկավարութեան ընդլայնուած կազմով նիստին մէջ:

Նշելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան համար գլխաւոր սպառնալիքը կը մնայ Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան «բացայայտ հայատեաց, ցեղապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը», Սերժ Սարգսեան փաստեց, որ Ատրպէյճան բացէ ի բաց կը խախտէ զինադադարի պայմանները եւ շփման գիծին վրայ պարբերաբար զինուորներ կը զոհուին:

«Մենք պէտք է ամէն օր, ամէն պահու պատրաստ ըլլանք պատերազմ քարոզող դրութեան կողմէ նոր զինուորական արկածախնդրութեան: Հայաստանը եւ Արցախը չեն ցանկար, սակայն բոլորը պէտք է վստահ ըլլան, որ մենք արժանապատիւ պատասխան պիտի տանք նետուած որեւէ մարտա- հրաւէրի: Այլեւս երբեք Արցախի բնակչութիւնը պիտի չկանգնի ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ: Հայաստան անոր երաշխաւորն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահը յայտարարեց, որ Արցախի ճակատագիրը պիտի որոշէ Արցախի ժողովուրդը: Ան յղում կատարեց միջազգային իրաւունքին եւ միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերուն՝  աւելցնելով, որ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կը դառնայ օրուան հրամայական:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ՝  այդ երկիրը բնութագրելով իբրեւ շրջանային պետութիւն մը, որ «անվերապահօրէն կը սատարէ Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան» եւ յայտարարեց, որ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին ներքեւ ձեւաւորուած թուրք-ատրպէյճանական դաշինք»-ը  չյաջողեցաւ եւ պիտի չյաջողի «շրջափակման, բաժանարար գիծերու խորացման եւ համագործակցութեան բացառման միջոցով Հայաստանէն միակողմանի զիջումներ կորզել»:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուիլ եւ դրացիներուն հետ «զերօ խնդիրներու» քաղաքականութիւնը «զերօ արդիւնք» տուաւ: Ըստ նախագահին, անոր պատճառը այն է, որ Թուրքիա կը ձգտի դրացիներուն հետ բոլոր խնդիրները լուծել դրացիներուն հաշուոյն: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի համար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը սոսկ արդարութեան եւ արդարադատութեան պահանջ չէ կամ նախնիներուն առջեւ ունեցած բարոյական պարտքի կատարում, ատիկա ունի նաեւ անվտանգութեան նշանակութիւն:

«Կը կարծեմ, որ առանց Թուրքիոյ անկեղծ ապաշխարհանքին եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, շրջանին մէջ Հայաստանի անվտանգ գոյութիւնը պիտի շարունակէ վտանգուած մնալ»:

Նախագահական ընտրարշաւի սկիզբէն օրեր առաջ արտասանած իր խօսքին զգալի մասը Սերժ Սարգսեան նուիրած է Հայաստանի ապահովութեան խնդիրներուն՝  նշելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են «համագործակցային եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն՝ գործընկերային յարաբերութիւններ զարգացնելով Հայաստանի հանդէպ բարեկամաբար  տրամադրուած բոլոր պետութիւններուն հետ»:

Հայաստանի նախագահը յստակացուց, որ Հայաստանի անվտանգութեան առանցքը պիտի շարունակէ մնալ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութիւնը, որ անկախութեան 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին ապացուցած է իր կենսունակութիւնը:

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան՝  նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար ըսաւ. «Անկայունութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում լուրջ մարտահրաւէր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Դա պայմանաւորուած չէ միմիայն մերձաւորարեւելեան երկրներում հայկական սփիւռքի առկայութեամբ, թէ՛ դա, ի հարկէ, էական գործօն է: Մերձաւոր Արեւելքը մշտապէս եղել է համաշխարհային քաղաքականութեան հիմնական կենտրոններից թէ՛ ռազմավարական ու քաղաքական, թէ՛ քաղաքակրթական, մշակութային-կրօնական առումներով, իսկ Հայաստանի համար բազում առանցքային իրադարձութիւններ անմիջականօրէն կապուած են եղել մերձաւորարեւելեան գործընթացների հետ:

«Արդէն երկու տարի մերձաւորարեւելեան մի շարք երկրներում տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական առումներով յաճախ ճգնաժամային իրադրութիւնը շարունակում է ահագնանալ՝  կրելով առաւել վտանգաւոր փոխակերպումներ եւ սպառնալիքներ ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ համաշխարհային տիրոյթում: Երկու տարիների ուժականութիւնը ցոյց տուեց, որ գործընթացը յաճախ ենթակայ չէ վերահսկողութեան ոչ միայն ներպետական, այլեւ, շատ դէպքերում, միջազգային մակարդակում: Սիրիայի ողբերգական զարգացումները վերոնշեալի ապացոյցն են:

Տասնեակ հազարաւոր անմեղ մարդկային զոհերի, հարիւր հազարաւոր գաղթականների առկայութեան փաստը, եւ այդ խորապատկերին հակամարտութեան կարգաւորման տեսլականի բացակայութիւնը խորը մտահոգութեան առիթ են տալիս: Մենք բազմիցս նշել ենք, որ Սիրիայի ժողովուրդն ինքը պէտք է որոշի իր ճակատագիրը:

«Մինչ օրս մեր ձեռնարկած քայլերն ուղղուած են եղել սիրիահայ մեր եղբայրների եւ քոյրերի կարիքների ապահովմանը ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Սիրիայում»: