Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լռութիւն կը պահէ առայժմ այս հարցով

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպում՝ 28 Յունուարին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ 14 Յունուարին կատարուած այն յայտարարութեան,

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ
Ղարաբաղի օդանաւակայանի խնդրին

թէ նախարարները 28 Փետրուարին հանդիպում պիտի ունենան Փարիզի մէջ՝ յայտնած է, որ հանդիպման մասին տեղեակ պիտի պահուի յարմար առիթով եւ ժամանակին։

Ատրպէյճանի նախարարը յայտարարած էր, որ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ, սակայն հանդիպման օրակարգը դեռ յստակ չէ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 6 Դեկտեմբեր 2012ին, Տուպլինի մէջ:

 

Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերու բնակեցման հարցը Պաքուի ուշադրութիւնը կը գրաւէ

Պաշտօնական Պաքուն մտահոգուած է եւ իր ուշադրութիւնը սեւեռած է Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերու բնակեցման հարցին վրայ։ Այդ մասին յայտարարարութիւն ըրած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը։

«Մենք այս հարցը բարձրացուցած ենք նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբէն ներս եւ ընդգծած ենք, որ սա անօրինական քայլ է: Վերաբնակողներու թիւը կրնայ մեծ չըլլալ, բայց, ամէն պարագայի մենք ուշադրութեան մեր կեդրոնին կը պահենք այս հարցը», - ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։

Նորվեկիայի արտաքին գործոց նախարարի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մամետիարովը անդրադարձած է նաեւ Ստեփանակերտի օդանաւակայանի խնդրին եւ պնդած, թէ Պաքուն դէմ պիտի չըլլայ օդանաւակայանի վերագործարկման, եթէ այդ դառնայ խաղաղութեան համաձայնագրի կէտերէն մէկը:

«Օդանաւակայանը ինքնին խնդիրներ չի ստեղծեր, այն կրնայ օգտագործուիլ մարդասիրական նպատակներով, սակայն այս ամէնը պետք է կարգաւորուի խաղաղութեան մեծ փաստաթուղթի ծիրէն ներս», - ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմը այժմ հետեւողականօրէն առաջ կը տանի առանց հիմնարար սկզբունքները համաձայնեցնելու միանգամէն խաղաղութեան համաձայնագիր մշակելու առաջարկը, որու դէմ է պաշտօնական Երեւանը։ «Խաղաղ համաձայնութիւնը կրնայ կենսունակ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ յենուած է յստակ եւ բոլորի համար ընդունելի սկզբունքներու վրայ», - անցած տարեվերջին Le Figaro-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ներկայիս Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կրկին պնդած է խաղաղութեան համաձայնագրին անցնելու անհրաժեշտութեան վրայ եւ ըսած՝ թէ հայկական կողմը պիտի ոտնահարէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, եթէ գործարկէ Ստեփանակերտի օդանաւակայանը առանց Լեռնային Ղարաբաղէն եւ շրջակայ տարածքներէն զօրքերը դուրս բերելու։

Ըստ Ատրպէյճանական աղբիւրներուն՝ նոյն այս դիրքորոշումը պաշտպանած է նաեւ Նորվեկիայի արտաքին գործոց նախարար Էսպեն Բարդ էյտը։ «Մենք համաձայն չենք այս հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշմամբ», - ըստ «Ինթերֆաքս - Ատրպէյճան»-ի յայտարարած է Նորվեկիացի նախարարը եւ խօսած է թռիչքները «գրաւեալ տարածքներու» վրայով իրագործելու մասին, ինչ որ անհնար է։