Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Զբօսաշրջային եւ օդանաւային նորանոր համաձայնութիւններու առումով կը նախատեսուի, որ 2013ը բարեբեր եւ արդիւնաւէտ տարի մը ըլլայ։

Ուքրանիոյ միջազգային օդանաւային ընկերութեան (UIA) կողմէ այս  տարուան գարնան կը նախատեսուի Քիեւի միջոցով շաբաթական 4 անգամ Երեւան-Ամսթըրտամ-Երեւան թռիչքներ կազմակերպել՝  գոհացում տալու համար զբօսաշըրջային աճող հոսքին: Կը նախատեսուի, որ երկկողմանի ուղեւորութեան տոմսին արժէքը շուրջ 370 եւրոյի համարժէք դրամ ըլլայ: Զբօսաշրջային խումբերուն համար պիտի ճշդուին յատուկ գիներ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը՝ տեղական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն հետ համագործակցաբար 8-13 Յունուարին Հայաստանը պիտի ներկայացընէ Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքի «Vakantiebeurs - 2013» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, ուր  մասնակցութիւն պիտի բերեն  զբօսաշըրջային ոլորտի շուրջ 1400 ներկայացուցիչներ:

Հոլանտա դարձած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան խթանման թիրախային կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը: