Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրախումբը Գերմանիա կը մեկնի Յունուար 19-ին: Խաղաղապահ բրիգատի հրամանատար, զօրավար-մայոր Արթուր Սիմոնեան տեղեկացուց թէնոր հերթափոխը բաղկացած է 65 զինուորներէ:

Անոնք Գերմանիա կը մեկնին դասընթացներու մասնակցելու համար, իսկ Փետրուարի առաջին կիսուն պիտի ուղղուին Աֆղանիստան՝ Կունտուզ նահանգի օդանաւակայանը, ուր կ'իրականացուի հայ խաղաղարարներու առաքելութիւնը: «Կունտուզ գտնուող հայ խաղաղապահները պիտի վերադառնան մօտ տաս օրէն» ըսաւ զօրավարը:

Յիշեցնենք, որ 2010ի Փետրուարէն ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումը (մէկ դասակ) ընդգրկուած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան հրամանատարութեան տակ,  եւ կը հսկէ Կունտուզ քաղաքի օդանաւակայանի անվտանգութեան:

2011էն աւելցած է Աֆղանիստան գործուղղուած հայ զինւորներու թիւը: 40ը կը ծառայեն Կունտուզ եւ 81-ը կը պաշտպանեն Մազարի-Շարիֆի օդանաւակայանը: