Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավար մարմինի միջազգային համագործակցութեան ղեկավար, զօր. Եւանքելոս Գոնսթասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 14 Փետրուարին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս». Այցելութեան ծիրէն ներս պատ-ւիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դ. Տօնոյեանի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լ. Այվազեանի հետ:
Տեսակցութիւններուն ընթացքին ամփոփուած են 2012ին երկկողմանի համագործակցութեան արդիւնքները եւ համաձայնութիւն ստորագրուած է՝ 2013ին համագործակցելու նպատակով: Լ. Այվազեանը եւ զօր. Գոնսթասը ստորագրած են Հայաս- տանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2013ի երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որով կը նախատեսուին կարգ մը նախաձեռնութիւններ՝ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան, անձնակազմի մարտական պատրաստութեան եւ փորձառութեան փոխանակման ուղղութեամբ: