23 տարի առաջ այս օրերուն, 1988 թուականի սումկայիթեան ցաւալի դէպքերէն դեռ չսթափուած հայ ժողովուրդը դարձեալ հարուած ստացաւ: 1990 թուականի Յունուարի 13-էն 19-ը՝ շուրջ մէկ շաբաթ, Պաքուի մէջ հայերու կազմակերպուած ջարդերն էին:
Այդ օրերու դէպքերը վկայեցին, որ ազգամիջեան խնդիրները կացինով լուծելու սումկայիթեան մեթոտը ընտրուած էր որպէս հիմնական: Պարզ տրամաբանութեամբ ալ հետեւեցաւ Պաքուի կոտորածը, Շուշիի հայ բնակչութեան արտաքսումը:
1988-ի Մայիսէն Նոյեմբեր թալանը ընդգրկած էր ամբողջ Ատրպէյճանը: Կոտորածներէն մէկ օր առաջ Խորհրդային Միութեան առաջին ու վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովը չարագուշակ յայտարարութիւն ըրաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման պահանջն անխուսափելիօրէն հարցականի տակ կը դնէ Պաքուի 250.000 հայերու ճակատագիրը»: Անոր յաջորդեցին խորհրդային տարիներուն նախադէպը չունեցած այդ ջարդերը: Մի քանի օրուայ ընթացքին Պաքուն հայաթափուեցաւ: Հայերը հեռացան իրենց տուներէն` թողնելով ամէն ինչ եւ ապաստան փնտռեցին Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան, ԱՊՀ այլ երկիրներ:
Պաքուի ջարդերը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատասխանն էր ազգային ինքնորոշման համար Ղարաբաղի հայերու մղուած ազատագրական պայքարի: 1990 թուականին Պաքուն փաստացիօրէն կը գտնուէր «Ժողովրդական ճակատի» իշխանութեան տակ: Այդ ժամանակ սանձարձակութիւնները հայ բնակչութեան նկատմամբ արդէն համակար- գուած բնոյթ կը կրէին եւ կը տարածուէին հիւսիսային Արցախի հայաբնակ շրջաններու մէջ: Մարդիկ կորսնցուցին իրենց ծնողները, զաւակները, մնացին անօթեւան: Սպանուածներու թիւը ստոյգ կերպով յայտնի չեղաւ, քանի որ այս կապակցութեամբ դատական որեւէ ուսումնասիրութիւն չէ իրականացած: Մեծ թիւ կը կազմեն անոնք, որոնք ազերիներու կողմէ իրենց տուներէն դուրս շպրտուեցան, դարձան անօթեւան փախստականներ եւ հետագային մահացան սովէն, ցուրտէն ու հիւանդութիւններէն:
Իսկ միջազգային հանրութիւնը մինչեւ օրս չէ դատապարտած Պաքուի կոտորածները:
Փաստաթղթային վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ Պաքուի հայերու ջարդերը չեն սկսած 1990 թուականէն, այլ՝ 1988-էն եւ այնուհետեւ շարունակուեցան եւ իրենց աւարտին հասան 1990-ին: Ջարդերուն մասնակցած ատրպէյճանցի հրոսակները ոչ միայն չդատապարտուեցան, այլեւ արժանացան պետական բարձր պարգեւներւո եւ պաշտօններու: Անցած 23 տարիներու ընթացքին ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ իրաւական գնահատական չտրուեցաւ: Իսկ ինչպէս ծանօթ է՝ իւրաքանչիւր չդատապարտուած ոճրագործութիւն՝ ունի շարունակութիւն: