Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «7 Օր».- 18 Փետրուարին կայանալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարեն ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի 13 փորձագէտներ՝ ԵԱՀԿի անդամ 11 երկիրներէ: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Հայտի Թալիավինի նշած է,

որ փորձագէտները արդէն սկսած են մնայուն դիտարկումի, որուն միջոցով պիտի հետեւին նախընտրական քարոզչութեան, բուն քուէարկութեան ընթացքին եւ լրատուամիջոցներու լուսաբանման:

«Մենք Հայաստան եկած ենք դիտելու, եւ ոչ թէ բան մը պարտադրելու կամ քննադատելու համար: Մենք մտադիր ենք հանդիպիլ բոլոր ուժերուն, որոնց կարգին՝ ընտրապայքարէն հրաժարածներուն»,  յայտնած է Թալիավինին։ Իրեն ուղղուած բազմաթիւ հարցումներու Թալիավինի չէ ուզած պատասխանել, որովհետեւ, ըստ իրեն, տակաւին կանուխ է կարծիք արտայայտելու, այլ պէտք է ուսումնասիրել, ապա եզրակացնել։

Ան դիտել տուած է, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական խումբը առաքելութիւն պիտի իրականացնէ նաեւ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին, եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի: Թալիավինի նշած է, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները երկրի պատմութեան մէջ լաւագոյնը պիտի ըլլան։ Ան մերժած է այս ընտրութիւններուն եւ 2012ին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջեւ բաղդատութիւն կատարել։