Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մինչեւ նոր օրէնքը եւրոպացիները մեր երկրի մէջ մնալու համար գումար կը վճարէին:
Վաղուընէ  սկսեալ  եւրոպացիները, երբ հատեն Հայաստանի սահմանը, անոնցմէ ոչ գումար պիտի գանձուի, ոչ ալ անձնագրի մէջ կնիք պիտի դրուի: Որոշումը կառավարութիւնը կայացուցած էր Հոկտեմբերին: Այդ ժամանակ դեռ չէր ալ ստորագրուած

Եւրոմիութեան երկիրներ Հայաստանի քաղաքացիներու մուտքի հեշտացման համաձայնագիրը: Յունուար 10-ին արդէն կառավարութեան որոշումը պիտի գործադրուի: Այս մասին կը յայտնէ Armnews-ը։
Մինչ այս Եւրոմիութեան քաղաքացիները Հայաստանի մէջ 21 օր բնակելու համար կը վճարէին 3000 դրամ, 120 օրուայ համար՝ 15000 դրամ: Ցանկութեան պարագային կրնային երկարաձգել Հայաստանի մէջ մնալու ժամկէտը մինչեւ 60 օր՝ իւրաքանչիւր օրուան համար վճարելով 500 դրամ: Գումարը այլեւս չեն վճարեր, բայց 180 օրը լրանալէն ետք պէտք է կամ սահմանը հատեն, կամ կացութեան կարգավիճակ ստանան:
Եւրոմիութիւնն ալ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կը դիւրացնէ վիզաներու տրամադրումն ու կացութեան իրաւունքը: Ինչպէս կը յիշեն մեր ընթերցողները, Դեկտեմբեր 17-ին ստորագրուած էր մուտքի արտօնագրի դիւրացման մասին համաձայնագիրը, որ վաւերացումէն մի քանի ամիս անց ուժի մէջ պիտի մտնէ: Այդ պարագային 16 տարբեր մասնագիտութիւններ  կամ արհեստներ ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներուն համար աւելի դիւրացուած համակարգ պիտի գործադրուի եւ պարզ պիտի ըլլայ մուտքի վիզա ստանալ, ինչպէս նաեւ պիտի պակսեցուի վճարագինը, որոշ  պարագաներու ալ ամբողջութեամբ պիտի վերցուի: