Print
Category: Հայաստան-Արցախ

2011 թուականը Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Տող համայնքի համար նշանաւորուեցաւ շարք մը կարեւորագոյն ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրագործմամբ: Մայիսին «Հայաստան» հիմնադրամը աւարտեց գիւղի դպրոցի սպորտային ու արուեստի մասնաշէնքերու հիմնանորոգումը, իսկ արդէն Յունիսին սկսաւ խմելու ջուրի ներքին ցանցի կառուցման ու նորոգման ծրագիրը:

Գիւղի ջրամատակարարման համակարգի կառուցումը կը  ֆինանսաւորեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինն ու ԼՂՀ կառավարութիւնը:
Նոր կառուցուող ներքին ցանցի երկարութիւնը շուրջ 10 քմ է: Կը նախատեսուի կառուցել 150խմ տարողութեամբ ջրամբար, նորոգել ջրընդունիչ պարզարանը եւ գիւղ մտնող ջրատարը: Այդպէս, գիւղի շուրջ 200 տնտեսութիւնները կունենան շուրջօրեայ ջրամատակարարում, եւ զգալիօրէն կը թեթեւնայ գիւղացիին կենցաղը:
«Վերջին տարիներին Հիմնադրամի գործունէութեան համար բնութագրական է համայնքներում համալիր ծրագրերի իրագործումը. մէկը միւսին լրացնելով, այդ բարեկարգ ենթակառուցուածքները կը խթանեն գիւղական տնտեսութիւնների զարգացումը»,- յոյս կը յայտնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
«Ջուրը շատ կարեւոր է, առաւել եւս, եթէ գիւղում ես ապրում»,- մեզ հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ համայնքի ղեկավար Ալեքսանդր Շաբորեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիմնադրամին արդէն գործող գեղեցիկ ու յարմարաւէտ հանրակրթական ու արուեստի դպրոցներու համար եւ ուրախութեամբ տեղեկացուց, որ պետական միջոցներով ալ կը հիմնանորոգուի համայնքի մանկապարտէզը.«Այ, եթէ ճամբեքն ու ակումբն էլ վերանորոգուեն, գիւղը նոր կեանք կը ստանայ: Պատերազմի ծանր տարիներին ոչ ոք չլքեց գիւղը, հաւատում էին, որ մի օր այն կը վերածնուի»,- աւելցուց ան:
Տող գիւղին մէջ կը բնակի շուրջ 750 մարդ: Մենատնտեսներու հիմնական զբաղմունքը հացահատիկի եւ խաղողի մշակումն է: Գիւղացիներու մէկ մասն ալ կաշխատի համայնքին մէջ գործող քարի արտադրամասերուն եւ մակարոնեղէնի եւ ալիւրի արտադրութեան մէջ: