Իրաւաբաններու եւ հոգեբաններու միջազգային միութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպէ հասարակական-քաղաքական գործիչներու, քաղաքացիական ծառայողներու, լրագրողներու եւ հեռուստաընկերութիւններու ընտրութիւն:
Անոնք կը պարգեւատրուին պատւոյ գիրերով եւ շնորհակալագրերով: 2012ին մասնակցած են բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց ամփոփման արդիւնքով մի քանի քաղաքական, հասարակական ու մշակութային գործիչներու տրուած են պատուոյ գիրեր: Շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ իրականացւած հարցումները պարզած են, որ Սուրիահայերու խնդիրներու նկատմամբ ցուցաբերուած սրտցաւ մօտեցման եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար «Տարուայ Լաւագոյն Նախարար» հռչակուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Շնորհակալական իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեանը մատնանշեց հանգամանքը, որ նմանատիպ պատուոյ գիրերը լրացուցիչ ազդակ են Սփիւռքին, ինչպէս եւ միանշանակ կը խթանեն Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման, համատեղ նոր ձեռնարկներու իրականացման ջանքերը: