Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սաֆարովի ազատ արձակումէն ու  հերոսացումէն ետք, անընդունելի՛ է այլեւս լսել ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներու կողմէ նոյն յորդորներու, նոյն բառապաշարին օգտագործումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  դիրքորոշումներուն հանդէպ։

Անընդունելի՛ է որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը նոյն հարթակի վրայ դրուին, հակամարտող ճակատներէն նոյն «քաղաքական ջանք»ի ցուցաբերումը պահանջուի։ Երկու կողմերուն պարտադրուի «վճռական քայլերու ձեռնարկումը ի խնդիր խաղաղ կարգաւորման»։ Դեռ երթալով, երեք նախագահներու յայտարարութիւնը աւելի ու աւելի գայթակղալի կը դառնայ, երբ չափազանցելով կ’ըսուի, թէ՝ «կողմերը աւելի կը ձգտէին միակողմանի օգուտներ քաղելու բանակցային գործընթացէն, քան թէ հասնելու համաձայնութեան»։ Այս խօսքերը արտայայտուած են իռլանտական մայրաքաղաք՝ Տուպլինի մէջ, ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովի ընթացքին, ԵԱՀԿ-Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ԱՄՆ-ի  Արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Քլինթընի եւ Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերու նախարար Գազընէօվի կողմէ։ Այս արտայայտութիւնները Արցախի խնդրին բանակցութիւններու մասին, բոլորովին անպատշաճ են կողմերու ցուցաբերած քաղաքականութեան եւ վարկաբեկիչ՝ յատկապէս հայկական կողմին համար։ Դեռ որքա՞ն պէտք է հանդուրժել Ատրպէյճանի օտարատեացութեան, հայատեացութեան։ Որքա՞ն պէտք է հանդուրժել անոր հայկական մշակութային ժառանգութիւններուն քանդումին։ Որքա՞ն պէտք է լռել  պատմական եղելութիւնները խեղաթիւրելու անոնց գռեհիկ ջանադրութեան, ինչպէս՝ Խոճալուի ջարդերը։ Որքա՞ն պէտք է համբերել Հայաստանի հանդէպ թշնամական շրջափակումի քայլերուն։ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներու եւ անոնց գերադասներուն արտայայտած պահանջները պէտք է նոյնքան ստիպողական ըլլան նախագահող պետութիւններու ղեկավարութեան։ «Քաղաքական ջանք», «վճռական քայլեր», այո՛, անշուշտ, եւ նախ եւ առաջ համանախագահող պետութիւններո՛ւ կողմէ՝ պարսաւելու համար Սաֆարովի ազատ արձակումը, որ միջազգային եւ մարդկային արդարութեան եւ ազատութեան նուազագոյն չափանիշերով՝ անսակարկելիօրէն դատապարտելի է։ Նոյնպէս՝ Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերու քանդումը, որուն յաջորդեց ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ Փարիզի մէջ խաչքարերու արուեստի ցուցահանդէսին ի յայտ եկած ամօթալի երեւոյթը, երբ այդ նոյն խաչքարերուն ծննդեան վայրերուն յիշատակումը արգիլուեցաւ, որպէսզի Ատըրպէյճանի տարածքին քանդուած խաչքարերը չընդգծուին, Ալիեւի անմարդկային հակամշակութային գործունէութիւնը չցոլացուի։ Միջնորդ ըլլալ չի նշանակեր հաւասարութիւն պարտադրել։ Այլ արդար վերաբերում ունենալ։ Պէտք է նուազագոյն քաջութիւնը՝ երեւոյթները իրենց ճիշդ անուանումով կոչելու։ Քաջութիւնը՝ բարձրաձայնելու որ Քազանի վեհաժողովին Ատրպէյճան  ձախողեցուց հաշտութեան համաձայնագիրը։ Գոնէ ինչ կը վերաբերի Արցախի հակամարտութեան լուծումին՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան լուրջ վերաբերումը անառարկելի է։Հայաստանը հարուստ չէ, քարիւղ չունի՝ հասկցա՛նք, տակաւին կաշառակերութեան խնդիրներ ունի՝ այո՛։ Ընտրութիւնները դեռ խեղաթիւրուած են՝ ճի՛շդ է։ Եւ այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի պետական մակարդակին, Ատրպէյճանի հանդէպ, ատպէյճանցի ժողովուրդին հանդէպ նոյն ատելավառ քաղաքականութիւնը, ցեղապաշտ քարոզչութիւնը չունի։ Անընդունելի է լսել համանախագահող պետութիւններու այն կոչերը՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, թէ՝ «Երկու կողմերու առաջնորդները պէտք է իրենց բնակչութիւնը պատրաստեն այն օրուան, երբ անոնք կրկին պիտի ապրին որպէս հարեւաններ, ոչ թէ թշնամիներ՝ իրարու մշակոյթի, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ ամբողջական յարգանքով»։ Ո՛չ, կը սխալիք։ Ատրպէյճանի քարիւղը եւ Թուրքիոյ շրջանային հզօրութիւնը համանախագահ երեք պետութիւնները շլացուցած է ու վերածած ազերիական անարդարութիւնները ծածկող կողմերու։ Ֆրանսահայութիւնը կրկնակի թիրախ է այս անարդար վերաբերումին. նախ՝ իբր ազատութեան եւ արդարութեան արժէքներ պաշտպանող երկրի քաղաքացի, երբ պետութեան ղեկավարները կը խուսափին ճշմարտութիւնները, աչք ծակող խախտումները յայտարարելէ։ Եւ երկրորդ, իբր հայ՝ զոհն են տեւական ատելավառ քարոզչութեան, նոյնիսկ՝ Փարիզի մէջ, Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, ուր Նոյեմբերին Սերժ Սարգսեանի այցելութեան առթիւ, Ատրպէյճանի կառավարութեան դրդումով, սուտ, յերիւրուած արտայայտութիւններ եղան Հայաստանի նախագահին եւ հայութեան հասցէին։ Ի՞նչ պէտք է ընել, ի՞նչ կարելի է ընել այս անարդարութիւններու առաջքն առնելու համար։ Այն յանդգնութիւնը, որ կը պահանջուի համանախագահող պետութիւններէն, կը պահանջուի նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն։  Ատրպէյճան կը սնի Թուրքիոյ՝ ցեղասպանութեան ուրացումի գաղափարախօսութենէն։ Իւրացուցած է անոր ցեղապաշտ ժխտողական գործելակերպը։ Ծայրայեղ կատաղութեամբ կը գործադրէ զայն, որուն միակ նպատակն է Արցախի հայութեան ոչնչացումը։

Ժ.Չ. - «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»