Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախորդ դարու սկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը շարունակական է ու նպատակային:

Անկախ ճանաչումներէն՝ կատարուածը դատապարտելն ու անմեղ զոհերու յիշատակը յարգելը պարտք սեպած են 2012ի մէջ Հայաստան այցելած տարբեր երկիրներու աւելի քան քսան պաշտօնատարներ։ Այս այցելութիւնները ինքնին ճանաչումն են Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին։
  Յիշենք այս այցելութիւնները.-
1 - ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։
2 - Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Խորխէ Օռիկօ եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք։ Ան տպաւորութիւններու մատեանին մէջ  հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Ուրուկուէյի անունով կրկին կþընդունինք այն պայքարը, որ կը տանիք: Հնարաւոր չէ առաջ երթալ, դէպի ապագայ՝ առանց ներկան ճանչնալու հաստատակամութեան»: 
3 - Լատվիայի արտաքին գործերու նախարար Էդգարս Ռինկեւիչսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ հիւրերը ծանօթացան 20-րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւնը փաստող ցուցանմուշներուն։
4 - ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու Համակարգող խորհրդակցութեն անդամները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ: Ռուսաստանի Տումայի անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Իրինա Եարովայան յուշամատեանին մէջ գրեց. «Յիշողութիւնն այն է, ինչը կը պահպանէ անցեալի նկատմամբ հաւատարմութիւնը եւ կը պաշտպանէ ապագայի սխալներէն: Հայաստանի ցաւը եւ ողբերգութիւնը մեր ժողովուրդներու համար ընդհանուր է: Կեանքի ծառը ներկայի ու ապագայի իմաստն ու էութիւնն  է»:
5 - Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան փոխ վարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Ժան Ասելպորն այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
6 - Արժանթինի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Հեկտոր Մարկոս Թիմերմանը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:
7 - Իսրայէլի տեղեկատուութեան եւ սփիւռքի նախարար Եուլի Էդելշտէյնը եւս այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր: Նախարարը գրառում կատարեց պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ, նշելով թէ «Մեր ժողովուրդներու միջեւ կան շատ ընդհանրութիւններ ու նման պատմական դրուագներ: Իսրայէլի մէջ որեւէ մէկը չի ժխտեր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը»:
8- Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային ժողովի Պետական Տումայի նախագահ Սերգէյ Նարիշկինը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։
9 - Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմպայը ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ռոմպայը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
10 - Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Աւստրիայի Հանրապետութեան նախագահ Հայնց Ֆիշերը ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Է. Նալբանդեանի եւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։ Աւստրիայի նախագահը յիշատակի պուրակին մէջ եղեւնի տնկեց: Նշենք, որ Աւստրիան դեռ պաշտօնապէս չէ ճանչած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
11 - Լիտվայի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարար տիկին Ռասա Եուկնեւիչիենեն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։
12 - Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ուրուկուէյի արտաքին գործերու նախարար Լուիս Ալմագրոն այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր: Պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարեցին նաեւ Յիշողութեան պուրակին մէջ, ուր Լուիս Ալմագրոն արծաթափայլ եղեւնի տնկեց:  Ուրուկուէյ  Ապրիլ 24-ը յայտարարած է «Հայ նահատակներու յիշատակի օր»:
13 - Գերմանիոյ պետական նախարար Կորնելիա Պիպերը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
14 - Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական զարգացման նախարար Օրիթ Նոկետը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Ան գրառում կատարեց թանգարանի պաշտօնական այցելութիւններու յուշամատեանին մէջ. «Որպէս կին, որպէս հրեայ եւ իբրեւ մարդ արարած` ես ցնցուած եմ այս նկարներուն մէջ  ցուցադրուածը տեսնելով, անմեղ հայ մարդոց եւ ընտանիքներու սպանութենէն»:
15 - Լիտվայի արտաքին գործոց նախարար Աուդրոնիուս Աժուբալիս այցելելով Ծիծեռնակաբերդ։
16 - Ֆինլանտայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էրկկի Տուոմիոյիան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Նշենք, որ Ֆինլանտան պաշտօնապէս դեռ չէ ճանչած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
17 - Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզակու Մարքուլիս այցելելով անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր եւ գրառում կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի պատուաւոր հիւրերու մատեանին մէջ, նշելով, որ Կիպրոսի ժողովուրդը եւ անձամբ ինքը կը կիսեն հայ ժողովուրդի ցաւն ու ապրած ողբերգութիւնը:  
18 - Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյկօ Պորիսով եւ իրեն ընկերցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ: Պուլկարիան դեռ աշտօնապէս չէ ճանչած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
19 - Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ:
20 - Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Գիդօ Վեսթերվելէն այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: