Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Առաջին հիմնական պատճառը Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած ընտրութիւններու բնոյթն է, որոնք ստուերային են, բան մը որ կարելի չեղաւ փոխել

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը յայտարարութիւն հրապարակեց նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ

ՀՅԴ Գերագոյն ժողովը երէկ քննարկեց եւ որոշում կայացուց, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի չառաջադրէ: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Ազգային Ժո-ղովի ՀՅԴ  խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը յայտարարեց, որ որոշումը չէր հրապարակուած մէկ օր առաջ՝ քանի որ նախընտրուած է մամլոյ ասուլիսի միջոցաւ տալ բոլոր հարցերու անհրաժեշտ  պատասխանները։

ՀՅԴ ԳՄ¬ի յայտարարութիւնը

Հանգամանօրէն քննութեան առնելով ՀՀ նախագահի գալիք ընտրութեանը ՀՅԴ մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը՝ արձանագրում է.
Ի կատարումն սոյն թուականի Յուլիսի Գերագոյն ժողովի որոշման՝ ՀՀ նախագահի ընտրութեանն ընդառաջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նախաձեռնեց միասնական քաղաքական օրակարգի շուրջ լայն համախոհութիւն ձեւաւորելու գործընթաց։ Դերակատար քաղաքական ուժերի, հասարակական շրջանակների հետ քննարկումների միջոցով փորձ արուեց համախոհութիւն ստեղծել  քաղաքական պլատֆորմի շուրջ, հանդէս գալ ընդդիմադիր միասնական ճակատով։
Այս նախաձեռնութիւնը եւ առաջարկուած քաղաքական օրակարգը դրական արձագանգ ունեցան. առկայ էին գործընթացն արդիւնաւորելու որոշակի նախադրեալներ։ Հնարաւորութիւն կար առնուազն վերականգնել ընտրութիւնների հանդէպ ժողովրդի խաթարուած վստահութիւնը, որակական նոր իրավիճակ առաջացնել, իրապէս մրցակցային ընտրութիւններ անցկացնել եւ իշխանափոխութեան հնարաւորութիւն ստեղծել: Սակայն համախմբումը  այս կամ այն կոնկրետ թեկնածուով պայմանաւորելու կանխակալ մօտեցումները թոյլ չտուեցին տրամաբանական աւարտին հասցնել միասնական օրակարգով նախագահական ընտրութիւնների գնալու  ջանքերը:
Հաշուի առնելով առկայ իրողութիւները եւ մեկնելով վերոիշյալ հաստատումներից՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշում է.
1. 2013 թ. Փետրուարի 18-ի ՀՀ նախագահի ընտրութեանը թեկնածու չառաջադրել։
2. Բացառելով իշխանութեան թեկնածուին աջակցելը՝ լիազօրել Գերագոյն մարմնին՝ հետեւել նախընտրական գործընթացներին եւ ի հարկին կողմնորոշել ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցին եւ համակիրներին։
3. Քաղաքական  բոլոր միջոցներով առաջիկայում եւ‘ս հետամուտ լինել կուսակցութեան ներկայացրած եօթ կէտանոց օրակարգի իրականացմանը:
Երեւան ¥25 Դեկտեմբեր 2012թ.¤

Մանրամասնելով չորս հիմնական պատճառները

Աղուան Վարդանեանը տեղեկացուց, որ ՀՅԴ երէկուայ Գերագոյն ժողովին լուրջ քննարկումներ կատարուեցան մօտ 80 պատուիրակներու մասնակցութեամբ, ու թէեւ ժողովի ժամանակ հնչեցին տարբեր տեսակէտներ, ի վերջոյ, քննարկումներու աւարտին՝ մասնակիցներու բացարձակ գերակշիռ մասը յանգեցաւ նոյն այս եզրակացութեան:
Ան անդրադարձաւ չորս հիմնական պատճառներուն, որոնց հիման վրայ որոշուեցաւ թեկնածու չառաջադրել յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն:
Առաջին հիմնական պատճառը, ըստ իր խօսքերուն, ՀՀ-ի մէջ ձեւաւորուած ընտրութիւններու բնոյթն է, որոնք ստուերային են, բան մը կարելի չեղաւ փոխել: Երկրորդ պատճառը՝ հնարաւոր չեղաւ ընդդիմադիր միասնական ճակատ ձեւաւորել: Երրորդ՝ մասնակցելով ինքնանպատակ, կանխորոշուած ընտրութիւններու պիտի նշանակէր գծուած սցենարի մաս կազմել, իսկ ՀՅԴ-ն որեւէ մէկու սցենարներուն մաս չի կազմեր: Եւ չորրորդ՝ լուրջ քաղաքական ուժերը իրենց մօտեցումները եւ դիրքորոշումը չեն ներկայացներ ու իրակա-նութիւն չեն դարձներ անոնք միայն ընտրութիւններու քարոզարշաւին միջոցով: