2012ի առաջին 6 ամիսներուն նուազած են ծնունդները, գաղթողները՝ աւելցած
Հայաստանի Ազգային վիճա
կագրական ծառայութիւնը ամփոփած է Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական վիճակի, իրաւական խախտումներու, անշարժ գոյքի, առողջապահութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու առնչուող այս տարուան առաջին 6 ամիսներու ցուցանիշերը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս տուեալները ներկայացուցած են ԱՎԾի մարդահամարի ու ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ ԳույումՃեանը եւ ընկերային ոլորտի ու բնապահպանութեան վիճակագրութեան բաժինի պետ Նելլի Բաղդասարեանը:
Կարինէ ԳույումՃեանի համաձայն, այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն առկայ բնակչութեան թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, նուազած է 130 հազար 823ով: Թէեւ գաղթականութեան յստակ պատկեր կարելի չէ ճշդել, սակայն վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը կը գերակշռէ ժամանողներունը. 11 ամսուան ընթացքին հաշուեկշիռը բացասական է 71 հազար 400ով: Նշեալ ամիսներուն ծնունդները նուազած են մօտ 3 տոկոսով՝ կազմելով 30 հազար 906, մահերը՝ 0.8 տոկոսով՝ կազմելով 20 հազար 815: Իբրեւ բնական աճ՝ աւելցած է շուրջ 10 հազար մարդ, սակայն ՄԱԿի արժեւորման համաձայն, Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ծերացող երկիր: Իսկ Հայաստանի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 74.2 տարեկան է:
Առողջապահական ոլորտին վերաբերող վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, 1.3 տոկոսով աւելցած են արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւնները, որոնք Հայաստանի մէջ մահուան առաջնորդող առաջին պատճառներն են: Երկրորդ դիրքի վրայ են նորագոյացութիւնները, որոնց ցուցանիշը աճած է 0.9 տոկոսով. Հայաստանի մէջ արձանագրուած մահերուն 20 տոկոսը այս պատճառով է։
ԱՎԾի ընկերային բնագաւառի եւ բնապահպանութեան վիճակագրութեան բաժինի պետ Նելլի Բաղդասարեան շատ մտահոգիչ նկատած է մահուան վտանգի հասցնող թունաւորումները, որոնցմէ Յունուար-Սեպտեմբերին աւելի քան 2000 հոգի վնասուած է։
Առաջին կիսամեակին ամուսնութիւնները նուազած են 6.6 տոկոսով, ամուսնալուծումները աճած են 3.1 տոկոսով: Յստակ է, որ մարդիկ ամուսնանալու որոշում կու տան հետզհետէ աւելի ու աւելի բարձր տարիքի, որ տղամարդոց մօտ 30ին կը մօտենայ, իսկ կիներուն մօտ 25ը կը շրջանցէ։
Կարինէ Գույումջեանի համաձայն, այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ բարձրացած է անձնասպանութիւններուն եւ անձնասպանութեան փորձերուն թիւը։ 6 ամսուան ընթացքին արձանագրուած է 371 պարագայ, որոնցմէ 118ը մահուան առաջնորդած է։ Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած յանցագործութիւններուն թիւը այս տարուան առաջին կիսամեակին նուազած է շուրջ հազար դէպքով: Առաւել մեծ թիւ արձանագրուած է Երեւանի, Լոռիի եւ Կոտայքի մէջ: Նուազած են հարկային եւ մաքսային իրաւական խախտումները, մտահոգիչ պատկեր կը ներկայացնեն բնապահպանական խախտումները: