Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը Դեկտեմբեր 19-ին ընդունեց ՀՀի մօտ Յունաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Տայիսը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»` ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարը նախ շնորհաւորեց դեսպանը իր ստանձնած պաշտօնին առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի կառավարութեան «Հայաստանի մէջ սպանդանոցներու զարգացման աջակցութեան» ծրագրին օժանդակելու համար: ՀՀ նախարարը յոյս յայտնեց, որ գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն ներս Յունաստանի աջակցութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:
Իր կարգին Յունաստանի դեսպան պրն. Տաղիս հաւաստիացուց Յունաստանի զօրակցութեան համար, նշելով թէ Հայաստանի քաղաքացիներուն օգտակար դառնալու նպատակով Յունաստան վճռականօրէն եւ իր տնտեսական հնարաւորութիւններու շրջագիծէն ներս պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանէն ներս սպանդանոցներու զարգացման:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը եւ դեսպան Իոաննիս Տայիս հանդիպման ընթացքին քննարկեցին նաեւ Յունաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ սննդամթերքի մնացորդային քիմիական վերահսկողութեան եւ ըմպելիքներու հաւաստագրման լապորաթորներու ստեղծման երկու նոր ծրագիրներ: Երկու կողմերու նպատակն է արագ ընթացք տալ այս ծրագրերու իրագործումին:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարը եւ Յունաստանի դեսպանը անդրադարձան երկու երկիրներու գիւղատնտեսութեան ներկայ վիճակին եւ քննեցին տուեալ մարզէն ներս երկու երկիրներու հետագայ զարգացման ուղղուած կառավարութիւններու քայլերը: