ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինֆօ», «Արմէնփրէս».-. 18 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն՝ դիտել տալով, որ
անոնք պէտք է իշխանափոխութեան առաջնորդեն, այլապէս անոնց՝ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը անիմաստ պիտի ըլլայ։
Ռուստամեան նշած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան առնչութեամբ վերջնական որոշում պիտի տրուի կուսակցութեան Գերագոյն ժողովին ընթացքին, որ հաւանաբար տեղի ունենայ 25 Դեկտեմբերին:
Ան ցարդ անհիմն կը նկատէ այն խօսակցութիւնները, որոնց համաձայն, Դաշնակցութիւնը իր անձնական թեկնածուն պիտի առաջադրէ։ «Նման որոշումներ կայացնում է Գերագոյն ժողովը, եւ ես չեմ կարող որեւէ կանխատեսում անել», ընդգծած է խմբակցութեան ղեկավարը:
Ռուստամեան նաեւ հաստատած է, որ ՀՅԴի համար ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ինքնանպատակ չէ: «Ընտրութիւնները պէտք է յանգեցնեն իշխանափոխութեան, հակառակ դէպքում՝դրանց մասնակցութիւնն անիմաստ է դառնում», նշած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը լուրջ մրցակից ունի՝ Ռուստամեան նշած է, որ ՀՀԿն ամբողջովին կ՛օգտագործէ պետական լծակները, «եւ այդ պայմաններում մրցակցութեան մասին խօսելը, մեղմ ասած, միամիտ է»:
«Քաղաքական ուժերը պէտք է հաւասար հնարաւորութիւններ ունենան, սակայն դրանք այսօր չկան», աւելցուցած է ան։