Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պրիւքսէլի մէջ խօսելով՝ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ,  ԵՄ-Հայաստան տարեկան համագործակցութեան նիստէն անմիջապէս ետք,

ըսած է թէ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին կոչ կ'ուղղէ  2013-ի Փետրուարին արդար եւ թափանցիկ նախագահական ընտրութիւններ կատարել՝ հաշուի առնելով ԵԱՀԿի առաջարկութիւնները, որոնք յայտնուած են Մայիսին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ:
Համագործակցութեան խորհուրդը նաեւ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին՝ հաստատելով, որ հակամարտութեան լուծումը առաջնային խնդիր է: