Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ Պաքուն ապակառուցողական դիրք բռնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով եւ կը խախտէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
«Շրջանին մէջ լուրջ սպառնալիք կը մնայ Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցումը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին նկատմամբ», ըսած է Սերժ Սարգսեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Նոյնիսկ միջադէպերու հետաքըննութեան մեքանիզմի ստեղծման եւ դիպուկահարները հեռացնելու շուրջ կարծես թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կ՛ոտնահարուին պաշտօնական Պաքուի կողմէ», աւելցուցած է ան: Նախագահը նշած Է, որ Ատրպէյճանի մէջ աշխուժ հակահայ քարոզչութիւն կը տարուի, Պաքու կը շարունակէ ռազմամոլ քաղաքականութիւնը եւ սպառազինութիւններու մրցավազքը շրջանին մէջ:
Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ տագնապի լուծման միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են: «Մենք կը մեկնինք այն բանէն, որ ձեռք բերուած հրադադարէն ետք, որ կը պահպանուի ահա արդէն 18 տարիէ ի վեր, ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կամ նոյնիսկ անոնց վերսկսման ըս-պառնալիքը միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու ուղղակի խախտում է: Ատիկա բռնութիւններու նոր ալիքի, ատելութեան, արիւնահեղութեան տանող ամէնէն անհեռատես ուղին է»:
Հայաստանի նախագահը յիշեցուցած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկը յարաբերութիւններու գերակայութիւնն է պայմանագրի մէջ չմտնող երկիրներու համեմատութեամբ եւ խնդրած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան բոլոր մասնակիցներէն՝ չմոռնալ այդ սկզբունքի մասին եւ չաջակցիլ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կրնան վնաս հասցնել Հայաստանի շահերուն: