Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Այս տարի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրով հիւրընկալուող 800 երեխայի համար, պետական պիւտճէէն յատկացուած է 705 միլիոն դրամ: Այս մասին յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան, նշելով, որ իւրաքանչիւր երեխայի դիմաց՝ միջին հաշիւով՝ օրական կը ծախսուի 5000 դրամ, ներառեալ՝ փոխադրամիջոցը, սնունդը, այցելութիւնները եւ այլն։


Երիտասարդները ցերեկը կը սնին նախարարութեան հաշւոյն, հետեւաբար, անոնց օրապահիկ չի տրուիր, իսկ երեկոյեան եւ առաւօտեան կ՛օգտուին հիւրընկալ ընտանիքներու հիւրասիրութենէն:
Ա. Մխիթարեան տեղեկացուց, որ բժշկական ապահովագրութիւնն ալ կը հոգայ նախարարութիւնը, իսկ մասնակիցներուն կը մնայ միայն հոգալ ճանապարհածախսը, զոր կու տայ կա՛մ տուեալ համայնքը, կա՛մ երեխային ծնողները:
Հիւրընկալ ընտանիքներուն ընտրութիւնը կը կատարուի՝ ըստ անոնց ներկայացուցած դիմումներուն. «Մենք իւրաքանչիւր փուլից մէկ ամիս առաջ արտասահմանից ստանում ենք մասնակիցների յայտերը ու համադրում տուեալ ընտանիքի յայտի հետ, որոշում՝ թէ երեխան ո՞ր ընտանիքում մնայ: Ծրագրի սկզբից երկու շաբաթ առաջ երեխայի տուեալները տալիս ենք ընտանիքին եւ՝ հակառակը, որ իրար հետ կապ հաստատեն», պատմեց Ա. Մխիթարեան:
Անոր ներկայացումով, սկզբունքներէն մէկը այն է, որ երեխան հիւրընկալող ընտանիքը նոյն սեռի, կամ մօտաւորապէս նոյն տարիքի երեխայ ունենայ: Հաշուի կ՛առնուին նաեւ երեխաներու նախասիրութիւնները եւ առողջական վիճակը, որուն համար նախապէս երեխայէն կը խնդրուի, որ առողջութեան մասին տեղեկանք ներկայացնէ:
Եթէ երիտասարդը Հայաստան կու գայ եւ բարեկամ ունի, որուն տան մէջ կը փափաքի մնալ, ապա նախարարութեան աշխատակիցները կ՛այցելեն տուեալ բարեկամին տունը, անկէ կը խնդրեն յայտ ներկայացնել, քանի որ յետոյ «շնորհակալութիւն պէտք է ըսեն այդ ընտանիքին»:
Հիւրընկալ ընտանիքը, ըստ վարչութեան պետին, ունի առաւելութիւն մը եւս. ծրագիրի ճամբարային փուլին կը մասնակցի նաեւ հիւրընկալ ընտանիքին երեխան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ցոյց տուած է փորձը. արդեօք «Արի տուն» ծրագիրը իր նպատակին կը ծառայէ՞ նպաստելով հայրենադարձութեան՝ վարչութեան պետը ըսաւ. «Տոկոսային թուեր չունենք, նախատեսում ենք այս տարուայ ծրագրի աւարտից յետոյ հետազօտութիւն անել, քանի որ մեզ էլ է հետաքրքիր, բայց ունենք արձագանգներ: Օրինակ՝ հայրենադարձութեան իմաստով, ունենք այսպիսի փաստեր.  այս ծրագրի մասնակից շատ երեխաներ գալիս են Հայաստանում ուսումը շարունակելու, լինում են ամուսնութիւներ, որոնց նոյնիսկ մենք ենք գնացել, մասնակցել: Եղել է, որ հայրենադարձուեն, բայց չգիտենք՝ ազդեցութիւնը յատուկ այս ծրագրինն էր, թէ մտքում մի քիչ կար, ծրագիրն եկաւ լրացրեց»:
«Արի տուն» ծրագիրի մասնակից ամէնէն աշխոյժ հայկական համայնքը, ըստ Ա. Մխիթարեանի, եղած է Ռուսիոյ համայնքը՝ հաշուի առնելով Դաշնութեան ծաւալները, ապա՝ Վրաստանի եւ Իրանի համայնքները: