Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀՀ անվտանգութեան ապահովման համակարգի հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն՝  մասնակցելու համար այսօր Դեկտեմբեր 19-ին Մոսկուայի մէջ կայացող  ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ զարգացնել ազդեցիկ ռազմաքաղաքական կառոյցի՝  Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)  հետ իր աշխոյժ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը: Այսպէս ալ կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհրդաժողովին, ուր  որոշումներ պիտի ընդունուին կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի, արտակարգ իրավիճակներուն հաւաքական հակազդման համակարգի զարգացման եւ կազմակերպութեան գործունէութեան Ուզպեքիստանի մասնակցութեան հարցին մասին:
ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան նիստի օրակարգին ընդհանուր առմամբ ընդգրկուած է շուրջ  20 հարց: Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրը ստորագրուած է 15 Մայիս 1992-ին: Պայմանագիրը ստորագրող պետութիւններուն մէջ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Կազմակերպութեան կÿանդամակցին Հայաստանը, Պելառուսիան, Ռուսաստանը, Ղազախստանը, Ղըրխըզիստանը, Տաճիկստանը եւ Ուզպեքիստանը:
Պայմանագրին համաձայն՝ մասնակից պետութիւնները համատեղ ջանքերով կը դիմակայեն, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ կը վերացնեն, իրենց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած ռազմական սպառնալիքը:
Հայաստանը 2008-էն ի վեր նկատելիօրէն աշխուժացուց ՀԱՊԿ-ի հետ առկայ համագործակցութիւնը: 2008 Յունիս-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ իրականացաւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու «Ռուպեժ-2008» համատեղ հրամանատարասպայակոյտային զօրավարժութիւնը:
4 Փետրուար 2009-ին Հայաստանի նախագահութեան ներքոյ Մոսկուայի մէջ գումարուած ՀԱՊԿ ՀԱԽ արտահերթ նստաշրջանին որոշում կայացուեցաւ՝ Կազմակերպութեան ծիրէն ներս արագ արձագանգման հաւաքական ուժեր (ԱԱՀՈւ) ստեղծելու վերաբերեալ: Այդ ուժերուն նպատակը պիտի ըլլայ անդամ պետութիւններու հանդէպ ռազմական յարձակման կասեցումը, միջազգային ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան հետ պայքարի յատուկ գործողութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ բնական եւ ստեղծուած բնոյթի արտակարգ իրավիճակներու հետեւանքներու վերացումը:
2012 Սեպտեմբերին ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացաւ «փոխգործակցութիւն-2012» համատեղ զօրավարժութիւնը: Լայնածաւալ եւ տպաւորիչ զօրավարժութիւններուն մասնակցեցաւ շուրջ 2000 մարդ, 500 միաւոր զրահամեքենայ: