Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աղթամար կղզին 24 ժամ վերահսկելու համար՝ տեսախցիկներ պիտի տեղադրուին ամբողջ շրջակայքին

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արդէն սկսած է վերանորոգման աշխատանքներու երկրորդ փուլը:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որ կ'իրագործուին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, աւարտած էին  2006ի Օգոստոսին: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին եկեղեցւոյ մօտ գտնուող վանքի եւ մատուռի կառոյցներու վերանորոգման գծով, նախկին տեսքին բերելու ուղղութեամբ:  Անկէ զատ տեսախցիկներ կը զետեղուին Աղթամար կղզիի շրջակայքին, 24 ժամ վերահսկողութիւն ունենալու համար:
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ թէ Աղթամարի վանքի եւ մատուռի նորոգման համար 1 միլիոն 200 հազար լիրա (մօտ 700 հազար տոլար) պիտի յատկացուի: Աշխատանքները պիտի աւարտին գալ տարուայ Սեպտեմբերին: