Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամէն (ԱՄՀ) Հայաստանը պիտի ստանայ յաւելեալ 51.4 միլիոն տոլար՝ հանրապետութեան տնտեսական վերջին ցուցանիշներուն հիման վրայ:
Ըստ 2010ի համաձայնագիրին, Հայաստանին նիւթական աջակցութիւնը պիտի տրամադրուէր՝ որոշ չափանիշներու համապատասխանելու պարագային։
Գործադիր խորհուրդի քննարկումէն ետք կառավարիչ տնօրէնի տեղակալ եւ նախագահողի պաշտօնակատար Նեմաթ Շաֆիքը նշած է. «Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ վերականգնիլ՝ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ծիրին մէջ 2008-2009ին արձանագրուած մեծ անկումէն: 2012ին տնտեսութեան աճը արագացած է եւ կ՛ակընկալուի, որ 2013ին անիկա հասնի ընդունելի մակարդակի: Այնուամենայնիւ տակաւին կան թերութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են ընթացիկ հաշուի մեծ պակասուրդով եւ դրամատնային հատուածի տոլարայնացման բարձր աստիճանով»:
Նկատի առնելով Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնման իմաստով աշխատանքը, հարկերու հաւասարակշռուած մուտքը՝ պետական պիւտճէին մէջ, ԱՄՀի պատասխանատուն ողջունելի գտած է այդ գործելաձեւը՝ խորհուրդ տալով եկամուտներու ապահովման առումով յաւելեալ աշխատանք տանիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ ընկերային եւ ներդրումային աւելի մեծ ծրագիրներ մշակել եւ իրականացնել։ Ան դիտել տուած է, որ ընդհանուր առմամբ գործարար միջավայրի համար պէտք է շարունակուին կառուցուածքային անհրաժեշտ բարեփոխումները: