Սերժ Սարգսեան՝ նախագահի թեկնածու
Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀԿ 14-րդ արտահերթ համագումարը: Համագումարի ժամանակ ՀՀԿ փոխ նախագահ, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը քննարկման դրաւ Սերժ Սարգսեանին որպէս նախագահի թեկնածու առաջադրելու հարցը: Առանց որեւէ առարկութեան թեկնածութիւնը ընդունուեցաւ միաձայն:
ԱՅԼ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ թեկնածութիւններուն, նշենք թէ ամենայն հաւանականութեանբ ՀԱԿ-ը, իսկ աւելի յստակ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը թեկնածութիւն չէ առաջադրած յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն:
Հաւանական այլ առաջադրումներու մասին խօսք կայ տարբեր քաղաքական շրջանակներու մօտ: Յատկապէս ուշագրաւ է, որ այս նախագահական ընտրութիւններուն կին թեկնածուներ հաւանական է որ առաջին անգամ ըլլալով առաջադրուին՝ Հայաստանի հանրապետութեան պատմութեան մէջ:
Նախագահական Թեկնածու
Յովիկ Աղազարեան Իր Միակ Մրցակիցը Ներկայ Նախագահը Կը Նկատէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արհեստագիտական գիտութիւններու թեկնածու Յովիկ Աղազարեանը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: 14 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ՀՅԴի նախկին անդամ Յովիկ Աղազարեանը, որ յայտնած է, թէ իր ընտրողները պիտի ըլլան թէ՛ գործարար շրջանակներէ անձեր, եւ թէ սովորական մարդիկ: «Բայց ես չեմ շերտաւորում իմ ընտրազանգուածը: Մեր հայրենիքի տարբեր հատուածներում կան իմ տեսակէտները կիսող մարդիկ», յայտարարած է նախագահական թեկնածուն, որ իրեն իբրեւ իսկական մրցակից նկատի ունի ներկայի նախագահը՝ միաժամանակ նշելով, որ պատրաստ է սատարելու միայն Նիկոլ Փաշինեանին, եթէ վերջինս առաջադրէ իր թեկանծութիւնը:
Հակառակ անոր որ Յովիկ Աղազարեան ժամանակին հեռացուած է Դաշնակցութեան շարքերէն, բայց եւ այնպէս ան պատրաստ է նախագահական դաշնակցական թեկնածուին չխանգարելու համար յետս կոչել իր թեկնածութիւնը:
Ընտրագրաւին մասին խօսելով՝ Աղազարեան դիտել տուած է, որ այդ 8 միլիոն դրամը շատ մեծ գումար չի նկատեր, եթէ իր թեկնածութիւնը հարցեր ստեղծելու ըլլայ։ Անոր զաւակը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ առեւտուրով կը զբաղի, «ինչը հնարաւորութիւն է տալիս բարեկեցիկ ապրելու, չնայած, որ ոչ մի տեղ գրանցուած աշխատող չէ: Ես գրանցուած եմ եղել Սուրէնաւան գիւղում, բայց մօտ քսանհինգ տարի չեմ բնակուել այնտեղ, սակայն Սուրէնաւանում ունեմ հողատարածք, որով զբաղւում եմ», նշած է ան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը պիտի արձանագրէ իր թեկնածութիւնը:
Ռոպերթ Քոչարեան Նախագահական
Ընտրութիւններուն Պիտի Չառաջադրուի
ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեդիամաքս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախկին նախագահի գրասենեակի ղեկավարը յայտնած է, որ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի չմասնակցի 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն։
Այս մեկնաբանութիւնը յաջորդած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան այն յայտարարութեան, թէ կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չունենայ իր սեփական թեկնածուն եւ պիտի չսատարէ ոեւէ մէկուն։
ԲՀԿն արդէն շատոնց կը նկատուէր Քոչարեաի յենարանը ներկայ քաղաքական համակարգին մէջ։ «Երկրորդ նախագահից երբեք չեմ լսել առաջադրուելու իր ցանկութեան մասին: Աւելին, մի քանի անգամ նա հակառակն է ասել: Ռ. Քոչարեանն անպայման կը տայ իր գնահատականները ընթացիկ քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ արդէն մօտ ապագայում», յայտնած է Վիկտոր Սողոմոնեան:
Օսկանեան. «Ես Այլ Կերպ Կը Պատկերացնէի Բարգաւաճ
Հայաստան Կուսակցութեան Քայլերն Ու Հետագայ Պայքարը
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածեց. «Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան՝ Փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չառաջադրելու եւ ոեւէ թեկնածու չպաշտպանելու որոշումը դիւրին չորդեգրուեցաւ: Քաղաքական խորհուրդին մէջ, բնականաբար, եղան տարբեր կարծիքներ: Ամիսներ առաջ ես հրապարակային դարձուցած էի իմ կարծիքս, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պէտք է մասնակցի սեփական թեկնածուով՝ հաշուի առնելով կուսակցութեան կշիռը, վարկանիշը, այլընտրանք ըլլալու, ինչպէս նաեւ միասնական թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան գալու կարելիութիւնները:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը, հաշուի առնելով ներքաղաքական դաշտին մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Գագիկ Ծառուկեանի՝ իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումը, նպատակայարմար գտաւ նախագահական ընտրութիւններուն չմասնակցիլ սեփական թեկնածուով եւ չսատարել որեւէ այլ թեկնածուի: Հակառակ այն բանին, որ ես այլ կերպ կը պատկերացնէի մեր քայլերն ու հետագայ պայքարը, այդուհանդերձ կը յարգեմ ընդունուած որոշումը»:
Գագիկ Ծառուկեան թեկնածու չէ
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան եւ քաղաքական խորհուրդի միացեալ նիստի օրակարգին վրայ կար մէկ հարց՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափը 2013 թուականին տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութեան: Բացման խօսքին ընթացքին կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չ՛առաջադրէ նախագահական ընտրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն՝ անվերապահ վստահութեան եւ աջակցութեան համար:
Հիմք ընդունելով Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարութիւնը՝ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կուսակցութեան խմբակցութեան եւ քաղաքական խորհուրդի միացեալ նիստը երկու որոշում տուաւ.
1) Յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը սեփական թեկնածու պիտի չառաջադրէ:
2) Յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ոեւէ թեկնածուներէն մէկուն պիտի չսատարէ:
Վարդանեան. «Մեղքը իրենց մէջ թող փնտռեն»
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համար Գագիկ Ծառուկեանի՝ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումը անակնկալ չեղաւ՝ հաշուի առնելով վերջին օրերու զարգացումները:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Ծառուկեանի այսպիսի որոշումէն ետք կարելի՞ է փաստել, որ միասնական դաշտ պիտի չստեղծուի, Վարդանեան յայտնեց, որ միասնական դաշտի ձեւաւորումը, առնուազն այն մասով, որ նախաձեռնած է ՀՅԴ-ն իր քաղաքական օրակարգով, ոեւէ անձով, որոնց շարքին՝ Գագիկ Ծառուկեանով պայմանաւորուած չէր: «Բայց յստակ է նաեւ, որ երբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը դուրս կու գայ խաղէն, բնականաբար նոր տեղաշարժեր եւ զարգացումներ հաւանական են», ընդգծեց ան:
Ինչ կը վերաբերի անոր, որ արդէն իսկ ոմանք սկսած են միասնական բեւեռի ստեղծման ձախողութեան հարցով բոլորը մեղադրել, բացի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, Վարդանեան ընդգծեց, որ ինք լուրջ չի վերաբերիր այսպիսի հրապարակումներուն: Վարդանեան նշեց, որ կան որոշ կայքեր, վերլուծաբաններ, որոնք կը փորձէին իրենց միամիտ եւ կիսատ պատկերացումներով գծել քաղաքական դաշտը: «Թէ՛ այդ վերլուծաբաններուն, թէ՛ կայքերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներուն խորհուրդ կու տայի, որ ամէն մէկը մեղքը իր մէջ փնտռէ: Հիմնազուրկ է փորձել մեղադրել ՀՅԴ-ն այս ամէնուն մէջ, նախ թող փորձեն խնդիրը իրենք իրենց մէջ գտնել»:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը չբացառեց, որ ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութեան կրնայ սեփական թեկնածուով հանդէս գալ:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 12 Դեկտեմբերին Վանաձոր տուած այցելութեան ծիրին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեանը յայտարարած է, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան համագումարին հաւանաբար իր կեանքի ամէնէն պատասխանատու յայտարարութիւնը կատարէ։
«Դեկտեմբերի 22ին Երեւանի «Արմէնիա Մարիոթ» հիւրանոցում լինելու է իմ եւ «Ժառանգութեան» համատեղ քաղաքացիական-քաղաքական հաւաք համագումարը, որտեղ ես հանդէս կը գամ յայտարարութեամբ, կ՛որոշենք առաջիկայ գործընթացների մեր մասնակցութեան ձեւաչափը եւ բովանդակութիւնը», ըսած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է համադրել իր կատարած այն յայտարարութիւնները, այն մասին որ ինք պիտի առաջադրուի նախագահական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ միասնական թեկնածուով հանդէս գալուն կողմ է՝ Յովհաննէսեան պատասխանած է, որ ինք անպայման պիտի առաջադրուի իբրեւ նախագահական թեկնածու: