Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռադոսլաւ Սիկորսկի յայտնած է, թէ այսօր Պրիւքսելի մէջ Հայաստան եւ Եւրոպական միութիւն կը ստորագրեն վիզաներու դիւրացման համաձայնագիրը:

 Յիշեցնենք, որ նախաստորագրումը տեղի ունեցած էր մէկուկէս ամիս առաջ, ապա Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներու Հայաստան այցելութեան ժամանակ, արդէն յստակացած  է ընթացակարգը։ Համաձայնագրի վերջնական ստորագրման շնորհիւ, յետ այսու Հայաստանի քաղաքացիները նուազ գին պիտի վճարեն Շենգենի գօտիի երկիրներ մուտքի վիզայի համար, իսկ ոմանք՝ դիւրացած համակարգով պիտի ստանան Եւրոպական Միութեան երկիրներ մուտքի արտօնագիր։