Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«2013-ին Սերժ Սարգսեանի Թեկնածութիւնը Պաշտպանելը Բացառուած Է» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Հայկական ժամանակ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ կը բացառուի, որ Դաշնակցութիւնը 2013 թուականի նախագահական ընտրութեան պաշտպանէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:


«Կ՛ըսեն, որ քաղաքականութեան մէջ անկարելի բաներ չկան, բայց ատիկա բացառուած է: Ատիկա չի կրնար պատահիլ: Ատիկա վերջնական հարց է: Մենք որեւէ ձեւով չենք բանակցիր, որ իր թեկնածութիւնը պաշտպանենք, այսպիսի հարց չկայ: Իսկ գործող նա-խագահին պարագային մենք ընդդիմութիւն ենք, եւ բացառուած է, որ իրեն պաշտպանենք», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու, քանի որ անկէ կը շահի միայն իշխանութիւնը: