Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ամերիկայի «Սիլիգոն վալէյ»  հովիտի սրտին մէջ, Սթանֆորտ  համալսարանէն ներս, տեղի կ’ունենայ ArmTech12 տարեկան 5րդ համաժողովը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի բարձր ճարտարագիտութեանց արդիւնաբերութիւնը

ԱՄՆ Սան Հոզէ քաղաքին մէջ սկսաւ բարձր տեխնոլոգիաներու զարգացման նուիրուած «ԱրմԹեք-2012» համաժողովը, որուն կը մասնակցի ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անունով ողջունելով համաժողովի մասնակիցները՝ վարչապետ Սարգսեանը նշեց. «Արդէն աւանդական դարձած «ԱրմԹեք» համաժողովը կարեւոր դեր է կատարում Հայաստանի տնտեսական կեանքում: Այն հնարաւորութիւն է տալիս քննարկել եւ նախանշել մեր տնտեսութեան առաջատար ճիւղերից մէկի՝ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների զարգացման հեռանկարները»:
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը ընդգծեց, որ ՏՏ ոլորտը կը գտնուի ՀՀ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը, եւ պատահական չէ, որ վերջին շրջանին ոլորտին մէջ կþարձանագրուի շուրջ 25 տոկոս տարեկան աճ: Կառավարութեան ղեկավարի խօսքով` դառնալով մեր երկրի տնտեսութեան առաջատար ուղղութիւններէն մէկը` ՏՏ ոլորտը ռազմավարական նշանակութիւն ձեռք կը բերէ տնտեսութեան զարգացման համար:
«Տարածաշրջանում ունենք մրցակցային որոշ առաւելութիւններ, որոնք պարտաւոր ենք օգտագործել: Դա առաջին հերթին բնակչութեան բարձր կրթական մակարդակն է, խորհրդային տարիներին ձեւաւորուած մաթեմատիկայի եւ բնական գիտութիւնների դասաւանդման լաւ աւանդոյթներն ու տուեալ ոլորտում բաւական ամուր համալսարանական ներուժը»:
Վարչապետը տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ ՏՏ ոլորտի աւելի քան 350 կազմակերպութիւն, որմէ 107-ը՝  արտասահմանեան: