Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ այսօր 12 Դեկտեմբերին, ժամը 12.12-ին կը բացուի «Երբ գիրքը կը գտնէ նկարիչը» խորագիրով աննախադէպ ցուցահանդէս:
Այն հայաստանեան 5 հեղինակաւոր մշակութային կառոյցներու՝ Թումանեանի թանգարանի, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Չարենցի տուն-թանգարանի, Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ նախագիծն է:
Այս ցուցահանդէսը կ'եզրափակէ հայ գրատպութեան 500-ամեակի յոբելեանական ձեռնարկները, որոնք իրականացուած են 2011-ի Դեկտեմբերէն սկսած առ այսօր՝ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մշակութային աւանդոյթներով յայտնի քաղաքներու մէջ: Ան նուիրուած է հայ գիրքի գեղարուեստական ձեւաւորման աւանդոյթներուն, հայկական միջավայրին մէջ զարգացած ընթերցանութեան պատմութեան եւ կը ներկայացնէ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու 70-ականներու պատմութիւնը եւ այդ ընթացքին ստեղծուած արժէքաւոր ցուցանմուշները: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Գիրք» հիմնադրամը:
19-րդ դարու վերջը հայ գիրքի արտադրութեան հիմնական կեդրոնները եղած են Կոստանդնուպոլիսը, Վենետիկը, Վիեննան, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման կովկասեան կեդրոնները՝ Թիֆլիսը, Ալեքսանդրապոլն ու Երեւանը: Հայ գրքարտադրութեան կեդրոնները չափազանց զգայուն էին ժամանակի նոր պահանջներու նկատմամբ եւ շատ արագ կ'արձագանգէին հասարակական պահանջարկին՝ անդրադառնալով պատմութեան, հնագիտութեան, ազգագրական երկերուն, առասպելներուն եւ հեքիաթներուն, չշրջանցելով նաեւ գրական վէպի մշակոյթը: 19-րդ դարուն ազգային նոր մշակոյթի ձեւաւորման գործընթացին մէջ մեծ դեր խաղացած է նաեւ գեղարուեստը, որ յաճախ կը ներշնչուէր ազգային պատումներէն եւ գրականութենէն:Եւ պատահական չէ,որ կարդալու մշակոյթը մշտապէս կը քաջալերուէր նաեւ նկարիչներու կողմէ:
Նկարիչներու այս ինքնօրինակ համագործակցութիւնը գիրքի եւ ընթերցանութեան նոր մշակոյթի հետ կը կազմէ ցուցահանդէսի բուն թեման: 20-րդ դարուն այս համագործակցութիւնը աւելի կ'ամրապնդուի գիրքի գեղարուեստական պատկերազարդման բնագաւառին մէջ՝ զերծ չմնալով դարասկիզբի խորհրդապաշտական եւ ապագայապաշտական հոսանքներու ազդեցութենէն:
Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք արեւելահայ գրքարտադրութիւնը վերածուեցաւ պետական մենաշնորհի. ստեղծուեցաւ Հայաստանի Պետական հրատարակչութիւնը: 1920-ական թուականներուն հայ գիրքի ձեւաւորումը սերտօրէն կը կապուի Չարենցի անուան հետ: Չարենցը կը ղեկավարէր Պետական հրատարակչութեան գեղարուեստական բաժինը եւ այդ ժամանակաշրջանէն սկսած որակապէս նոր մակարդակի կը հասնի գրական ստեղծագործութիւններու նկարազարդումներն ու գիրքի ձեւաւորումը ընդհանրապէս: Խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստան հրաւիրուած բազմաթիւ նկարիչներ կը ներգրաւուին այդ գործին մէջ՝ գիրքի գծագրական ոլորտը կատարելագործելով:
Յաջորդ տասնամեակներուն այդ ասպարէզը Հայաստանի մէջ կը հասնի որակական նոր յառաջընթացի եւ բոլոր յայտնի գրական գործերը լոյս կը տեսնեն յայտնի նկարիչներու նկարազարդումներով:
Ցուցադրութիւնը կազմուած է 4 բաժիններէ: Առաջինը կը ներկայացնէ 19-րդ դարի հայ գրքարտադրութեան կեդրոնները եւ ժամանակին գիրքի նկարազարդման նմուշները: Երկրորդը՝ 20-րդ դարու նոր գեղար-ւեստական հոսանքները եւ հայ գիրքի ձեւաւորումը այդ ժամանակշրջանին: Երրորդին մէջ կը ներկայացուի գրքարտդրութեան մենաշնորհի շրջանը Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ վերջապէս չորրորդը՝ երգիծանքն ու գծագրութիւնը յետպատերազմեան շրջանին:
Ցուցահանդէսին արժէքաւոր ցուցանմուշներու շարքին են Մարտիրոս Սարեանի, Յակոբ Կոջոյեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի,Գրիգոր Խանջեանի գրական ստեղծագործութիւններու նկարազարդումները: