Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արդէն տեղեկացուցած էինք, որ Դեկտեմբեր 8-ին հանդիպում կայացած էր ՀՀ նախագահի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ու Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին երկարատեւ քննարկում կատարուած էր ՀՅԴ առաջադրած եօթ կէտ պարունակող հիմնադրոյթներու վերաբերեալ:
Երէկ, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակէն ներս լրագրողներու հետ զրոյց մը ունեցաւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը որ տեղեկացուց, թէ նախագահի հետ կայացած հանդիպումը ՀՅԴ հերթական հանդիպումներու շարքին մաս կը կազմէր:
Ան ընդգծեց, որ թէեւ մինչեւ հիմա որեւէ քաղաքական ուժի հետ հանդիպման արդիւնքները չեն հրապարակուած, բայց ՀՀԿ  եւ ՀՀ նախագահի հետ հանդիպման որոշ մանրամասնութիւններ կարելի է տալ:
Հրանդ Մարգարեան տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանը դէմ եղած է կառավարման խորհրդարանական համակարգի դրութեան եւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերաբերող կէտին:
«Ինչպէս տեղեակ էք, մենք նախագահական ընտրութիւններուն հարցով միասնական օրակարգ մէջտեղ բերելու նախաձեռնութիւն ունեցած ենք եւ փորձած ենք այս միասնական օրակարգին շուրջ ստեղծել համընդհանուր համախոհութիւն: Այս ծրագիրը ո՛չ որեւէ մէկուն դէմ եղած է, ո՛չ ալ յանուն ոեւէ անձի եղած է: Յանուն ծրագիր եղած է այն, ինչ որ մենք փորձած ենք ընել: Մենք մինչեւ հիմա չենք խօսած, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը ինչին համաձայն գտնուած է: Բայց բնական է, որ գործող նախագահը շատ աւելի հիմնականօրէն որոշ բաներ մերժեց, չընդունեց», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Aravot.am-ի խնդրանքով անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի չընդունած կէտերուն՝ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ որ նախագահը նշած է, թէ խորհրդարանական համակարգը չի պայմանաւորեր երկրին լաւ ու վատ ըլլալը, իսկ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց հարցով նկատած է, որ իր քայլը ճիշդ եղած է: «Բնականաբար, մենք հակառակ կարծիք ունէինք, միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ եւ այս հակառակութիւնն ալ նոր երեւոյթ չէ: Մենք շատ անգամներ հանդիպած ենք, շատ անգամներ խօսած ենք, մանաւանդ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, արձանագրութիւններու հարցով», ըսաւ Մարգարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեց անգամ մը եւս յստակացնել, որ ՀՅԴ-ն իր նախաձեռնութեամբ մէկ նպատակ կը հետապնդէ՝  նախագահական ընտրութիւնները ոչ թէ անձերու պայքարի վերածել, այլ՝  ծրագիրներու:
Հրանդ Մարգարեան նաեւ յայտնեց, որ առաջին օրէն իսկ ՀՅԴ-ն խօսած է Հանրապետական կուսակցութեան հետ յարաբերութեան մասին եւ ըսած է, որ պիտի խոր-հըրդակցի բոլորին հետ‘ անկախ որեւէ նախա-պաշարումէ:
Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը խորհրդակցած է Հայ ազգային քոնկրեսին հետ եւ Հանրապետական կուսակցութեան հետ ալ պատրաստ է խորհըրդակցելու: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը չի փորձեր թշնամիի յարաբերութիւն ճշդել: Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը խօսի իր հարցերուն մասին իր թշնամիներուն հետ եւ խօսելու մէջ վտանգ չկայ: Ան աւելցուց, որ միւս ուժերուն հարցն է, եթէ պատճառ ունին Դաշնակցութեան չհաւատալու: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ շատ պատճառներ կան Դաշնակցութեան հաւատալու, բայց միւս ուժերուն հաւատալու՝ քիչ պատճառներ:
Ան յայտարարեց, որ ՀՅԴ չեն խուսափիր զրոյցը շարունակելէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ խօսակցութիւնը կրնայ ընդհանուր համաձայ-նութեան յանգեցնել: Հրանդ Մարգարեան նաեւ ընդգծեց, որ եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը ընդունի ՀՅԴ-ի 7 կէտերը, շնորհակալ պիտի ըլլան, եթէ ոչ՝ գոնէ չեն ունենար այն մտահոգութիւնը, թէ ինչո՛ւ չբացատրեցին ՀՅԴ-ի առաջադրած օրակարգը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ կուսակցութեան մէջ երկու կարծիքներ կան՝ ունենալ սեփական թեկնածու կամ համախմբուիլ միասնական թեկնածուի մը շուրջ: Չի բացառուիր, սակայն, որ ՀՅԴ առհասարակ չմասնակցի ընտրութիւններուն: