Ատրպէյճան շատ կարեւոր կը սեպէ այս նախագիծը
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան որոշած են Նախիջեւանի եւ Կարսի միջեւ կառուցել երկաթուղի մը:
Ծրագիրը յայտարարելով՝ Ատրպէյճանի պետական երկաթուղիի փոխ տնօրէնը՝ Քուրպան Նեզիրով, ըսած է, որ իրագործումը պիտի արժէ շուրջ մէկ միլիառ տոլար, գիծը պիտի ունենայ 230 քմ. երկարութիւն: Նեզիրով աւելցուցած է, թէ ուղեգիծին մեծ մասը պիտի անցնի Թուրքիոյ հողերէն, այդուհանդերձ ծրագիրը կենսական կարեւորութիւն ունի Ատրպէյճանի համար:
Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի սահմանագիծը 11 քմ. երկարութիւն ունի: