Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերին, աւարտեցաւ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Երեւանեան այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 69 երկիրներու 405 կռփամարտիկներ:
Թէեւ Հայաստանը, կը ներկայացնէին 10 մարզիկներ, սակայն անոնցմէ միայն մէկը հասաւ աւարտական հանգրուան եւ յաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին:
81 քկ դասակարգին մէջ Նիկոլ Յարութիւնով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, աւարտական մրցումին 13-9 արդիւնքով յաղթելէ ետք հոլանտացի իր մրցակիցին՝ Անթոնի Սքոթ Ֆորեսթին:
Նշենք, որ Հայաստան տիրացաւ պրոնզ մետալի մըն ալ՝ շնորհիւ Նարեկ Մելքոնեանի, որ 91 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Աւարտական մրցումներուն եւ փակման հանդիսութեան ներկայ եղած Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Չինկ Քու Վու մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ այն կարեւոր կէտին շուրջ, որ Հայաստան լաւապէս յաջողեցաւ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալել: Աւարտին ան խօսելով Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անունով, անոր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի, որ բարձր մակարդակով այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելէ բացի լաւ ընդունելութիւն ցուցաբերեց ատըրպէյճանցիներուն: