Print
Category: Հայաստան-Արցախ


Յունաստանի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Ռումանիոյ մէջ, ուր ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր՝ որոշ կազմակերպութիւններու միջեւ:

Հայաստանէն կը մասնակցէր Հայաստանի ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնը: Համաձայնագրով ամրագրուեցան տուեալ ցանցի գործունէութեան հիմնական սկըզբունքները եւ գործունէութեան ուղղութիւնները յառաջիկայ երեք տարիներու համար:
Ծրագիրը կÿիրականացուի Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ՝ Եւրոպական հարեւանութեան եւ գործընկերութեան ծիրէն ներս, որու նպատակն է խթանել Սեւծովեան աւազանի յարակից շրջաններու մէջ կայուն տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը:
Համաձայնագրի ստորագրութեամբ՝ ներտարածաշրջանային եւ միջսահմանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը կը հետապնդուի: