Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ղարաբաղեան բանակցութիւններու ծիրէն ներս վերջին օրերուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Տուպլինի մէջ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին եւ Նալբանդեան-Մամետիարով յայտարարուած  հանդիպումին շուրջ:

Այսուհանդերձ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կայացաւ առանց էական զարգացման։ Միսկի խումբի համանախագահողները հանդիպեցան Նալբանդեանի եւ Մամետիարովի հետ,  ապա յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները։
Յայտարարութեան ոճէն դատելով, կարելի է ըսել թէ այնքան ալ լաւ տրամադրութեամբ չէ անցած ստորագրման ընթացքը։ Թէեւ փակագիծերը բացած է միայն Ատրպէյճանի նախարարը,  յայտնելով թէ ինք եւ Հայաստանի իր պաշտօնակիցը  առանձին հանդիպումներ ունեցան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, որոնց ընթացքին  քննարկուեցաւ փաստաթուղթի նախագիծը: Մամետիարովը տեղեկացուց, որ մինչեւ վերջին պահ յայտնի չէր, թէ որո՞ւ անունով պիտի կատարուի յայտարարութիւնը: Ի վերջոյ յայտարարութիւնը եղաւ, առանց սակայն որեւէ նորութիւն փոխանցելու:
Փաստաթուղթը ստորագրած են միայն համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները՝ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Հիլարի Քլինթոն, եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Եւրոպական հարցերով նախարար Պերնար Կազընյով։
Յայտարարութեան մէջ անգամ մը եւս  կոչ ուղղուած է հակամարտող կողմերուն՝ խաղաղ կարգաւորման համար քաղաքական կամք ցուցաբերել եւ վճռական քայլերու ձեռնարկել։ Եռեակը յիշեցուցած է նախագահներու՝ 2012-ի Յունիսին Լոս Քապոսի յայտարարութիւնը, ուր արձանագրուած էին 2009 եւ 2010 թուականներուն Լ'Աքուիլայի եւ Մոսկուայի մէջ վերայիշատակուած հելսինկեան սկզբունքները՝ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք։
Հակառակ լաւատեսութեամբ ներկայացուող գրութեան, արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան ոճը հասկնալի կը դարձնէ, որ որոշ առանցքային հարցերու շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն չէ կայացած, որու հետեւանքով ալ  ստորագրման չեն մասնակցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարները:
Մինչ այդ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջան այցի ընթացքին  քըննարկուող կարեւոր խնդիր էր Իլհամ Ալիեւ-Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստութիւնը, որը անորոշ կը մնայ: