Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Վերջին ինը տարիներուն կատարուած պեղումներուն Արտաշատի հնավայրին մէջ յայտնաբերուած է նաեւ 10 սենեակներէ բաղկացած հանրային բաղնիք մը։

Այս մասին յայտնած է հնավայրի հնագիտական արշաւախմբի ղեկավար Ժորես Խաչա-տըրեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Անոր համաձայն, հին ժամանակաշրջանին բաղնիքը երկիրի հզօրութեան խորհրդանշանն էր: Բաղնիքի սենեակներէն երկուքին յատակը գոյնզգոյն է, իսկ միւս սենեակներունը՝ կապոյտ շրջանակի մէջ առնուած սպիտակ խճանկարներով պատուած: Խճանկարներէն մէկուն վրայ պահպանուած է դէմքի հատուած մը եւ լատիներէն VER գրութիւնը, որ կը նշանակէ «գարուն»: Հնագէտը չբացառեց, որ այդ դէմքը կապուած ըլլայ գարնան հաւատալիքներուն հետ: Բացի բաղնիքէն, հնագէտը արժէքաւոր նկատած է նաեւ յայտնաբերումը  եռանաւ շինութեան մը, որ, ըստ անոր, ծառայած է որպէս սակարան: Նախապէս նոյն վայրին մէջ յայտնաբերուած էին նաեւ Ափոլոնի տաճարի հիմերը: