Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի հնագիտական ժառանգութեան համար առանձնակի նշանակութիւն ունեցող հնավայրեր՝ պատմական Արտաշատ մայրաքաղաքի տեղը պեղուած բնակավայր, մայրաքաղաքի «Շենգաւիթ» եւ «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանները:
Հանրապետութեան ղեկավարը ծանօթացաւ պեղումներու արդիւնքներու, ինչպէս նաեւ հնագիտական վայրերու պահպանութեան վիճակին ու խնդիրներուն, անոնց շուրջ զրուցեց հնագիտական արշաւախումբերու ղեկավարներու եւ հնավայրերու կառավարման պատասխանատուներուն հետ:
Արարատի մարզի Լուսառատ համայնքի տարածքը գտնուող Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկու՝ մ.թ.ա. 180-ական թթ. հիմնադրուած Արտաշատի բնակատեղին մէջ պեղումները, ըստ հնագէտներու, թոյլ տուին վերականգնելու Հին Արեւելքի խոշորագոյն տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկու եւ հայոց արքայանիստ քաղաքի ընդհանրական նկարագիրը:
Երեւանի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ, Հրազդան գետի ձախ ափին գտնուող Շենգաւիթ բնակատեղին Հայաստանի վաղ բրոնզէ դարի (Ք.Ա. 36-25 դդ.) ամենանշանաւոր հնագիտական յուշարձաններէն է, ուր նոր ուսումնասիրութիւններ եւ պեղումներ կþիրականացուին: Այս հնավայրի պեղումներու արդիւնքներուն ծանօթանալէն ետք, Սերժ Սարգսեան այցելեց «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, որու մշտական ցուցադրութեան ծանօթանալէն ետք, դիտեց «Ճանապարհ. Էրեբունին երէկ եւ այսօր» ժամանակաւոր ցուցահանդէսը: Այն սեղմ ձեւաչափով կը ներկայացնէ հնամենի քաղաք-ամրոցի գիտական ուսումնասիրման ճանապարհը` 50-ականներու կանոնաւոր պեղումներէն մինչ 2008թ-էն մեկնարկած հայ-ֆրանսական պեղումներ:
Հնագիտական յուշարձաններ այցի աւարտին «Էրեբունի» թանգարանին մէջ նախագահը խորհրդակցութիւն ունեցաւ ՀՀ մշակույթի նախարարի, պատմամշակութային ժառանգութեան բնագաւառի պատասխանատուներու եւ ոլորտի մասնագէտների մասնակցութեամբ: Ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ հնագիտութեան ընդհանուր վիճակը, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան գործընկերներու հետ իրականացուող համատեղ ծրագրերը: Վերջին տարիներու կարեւոր հնագիտական ծրագրերու շարքով առանձնացուած են Արենիի, Վերին Նաւերի պեղումները, «Մեծամօր» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի զարգացման հեռանկարները, «Էրեբունի» հնավայրի պեղումները, որմնանկարներու պահպանութեան եւ վերականգնման խնդիրները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ հնագիտական ժառանգութեան պահպանութեան բարելաւման վերաբերող շարք մը այլ խնդիրներ:
Նկատի առնելով, որ բարձրացուած խնդիրները բազմաթիւ են եւ բազ- մաբնոյթ, Հանրապետութեան ղեկավարը ոլորտի մասնագէտներուն առաջարկեց ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ լրացուցիչ քննարկման արդիւնքով առանձնացնել առաւել կարեւորները, սահմանել առաջնահերթութիւն, որպէսզի անոնց լուծման համար լրացուցիչ հնարաւորութիւններ գտնուին: Սերժ Սարգսեանը վստահեցուց, որ հնագիտական աշխատանքներու համար պետական պիւտճէի յատկացումները մինչ այժմ որքան աւելցած են, նոյն մօտեցումը կը շարունակուի: Խորհրդակցութեան ժամանակ ընդգծուեցաւ, որ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու, պեղումներու արդիւնքները նաեւ պատմագիտական ամուր եւ անառարկելի հենք են գիտական-քաղաքական առումով: