Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապուած իրավիճակը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ ԵԱՀԿին.
այս մասին խօսեցաւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր, «Ռիա Նովոսթի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Յոյս ունիմ, որ արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին Տուպլինի մէջ եւ կը յաջողին ընդհանուր լեզու մը գտնել, որպէսզի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդէս գան համատեղ յայտարարութեամբ եւ անոր շնորհիւ յառաջ ընթանան», ըսած է ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարը:
Ըստ անոր՝ ներկայ հանգրուանին նոյնիսկ այդպիսի փոքր քայլ մը շատ կարեւոր է տագնապի կարգաւորման համար: