Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Դեկտեմբերին ընդունած է Արցախի մէջ սկսած «Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան տեխնոլոգիաների լիդէրների հանդիպում» ֆորումի մասնակիցներէն խումբ մը:
Իր խօսքին մէջ նախագահը նշած է, որ Արցախի մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացումը, իսկ նման մօտեցում մը հիմնուած է տնտեսական, գիտական ու քաղաքական բազմաթիւ գործօններու վրայ:
Ըստ Բակօ Սահակեանի, այս բնագաւառը կը հանդիսանայ տնտեսութեան համաշխարհայնացման եւ համարկման գործընթացներու առանցքային բաղադրամասը, որուն կարեւորութիւնը «մեր երկրի համար դժուար է գերագնահատել»: Նախագահը շեշտած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացումը կարելիութիւն պիտի տայ երիտասարդներուն՝ զբաղելու բարձր մտաւորական եւ լաւ վարձատրուող աշխատանքով եւ, չհեռանալով հայրենիքէն, շարունակաբար կատարելագործելու մասնագիտական հմտութիւնները, ինչ որ լուրջ խթան կը հանդիսանայ հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման եւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու յառաջընթացին համար: Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ Արցախի մէջ այս ուղղութեամբ բաւական մեծ աշխատանք կը տարուի, եւ «մեր հանրապետութիւն արդէն իսկ մուտք են գործել մի շարք յայտնի կազմակերպութիւններ»: