Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Աշկապատի մէջ տեղի ունեցած Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նիստին օրակարգը կը ներառէր տասնեակէ մը աւելի հարցեր 5 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի վեհաժողովին պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման ներկայացուելիք փաստաթուղթերու, ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ բազմակողմանի համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւններուն վերաբերեալ:
Արտաքին գործոց նախարարները մասնաւորաբար քննարկեցին գործող թուրքմենական նախագահութեան կողմէ նախաձեռնուած ԱՊՀ-ի մէջ համակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման մասին հռչակագիրի նախագիծը, որ ներառուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի օրակարգին վրայ:
Նախարարներու խորհուրդին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մարդասիրական, բնապահպանական, ապահովութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ բազմակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման առընչուող հարցերուն:
Մասնաւորաբար՝ նիստին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ տարի «Հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաքները» միջպետական ծրագիրի եւ 2013-2014 թուականներուն ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան մարզին մէջ առաջնահերթ նախաձեռնութիւններու ծրագիրի իրականացման հարցերը:
Աշկապատի մէջ տեղի ունեցաւ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը 2013 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնող Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթին Կրիշչենքոյի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վերջերս տեղի ունեցած հայ-ուքրանական միջկառավարական յանձնախումբի նիստին արդիւնքները, երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:
Նախարարներ Նալբանդեան ու Կրիշչենքօ անդրադարձան 6-7 Դեկտեմբերին Տուպլինի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն: