Հայաստանի մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները կը շարունակեն մնալ հայ հասարակութեան խոցելի խումբերէն մէկը: Հայաստանի մէջ կան ութ հազար պաշտօնապէս գրանցուած հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներ, որոնք, պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, կը կազմեն ամբողջ մանկական բնակչութեան 1 տոկոսը:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու փոխ նախարար Ճեմմա Բաղդասարեանը Դեկտեմբեր 3-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, որ Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումը հարցի առնչութեամբ հետեւեալն է՝ իրականացնել սոցիալական ներառման մօտեցում: ԻՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հենրիետ Արենսն ըսաւ, որ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու ներառումը հասարակութեան մէջ ոչ դիւրին խնդիր է, սակայն բաւական խոստումնալից գործ, քանի որ, եթէ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն աջակցին, ապա անոնք կարող են դառնալ հասարակութեան լիիրաւ անդամներ: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեանը նշեց, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն 98 ներառական դպրոց, ուր կը յաճախեն շուրջ 2400 հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներ:
Երեւանի հիւսիսային պողոտայի մօտ «Ունիսոն» հասարակական կազմակերպութիւնը «Անիւներու վրայ» խորագրով «ֆլէշ-մոպ» ձեռնարկ մը իրագործեց: Հաշմանդամներու միջազգային օրուայ նուիրուած իւրատեսակ այս նախաձեռնութիւնը միտուած էր հաշմանդամ մարդոց համար անարգելք միջավայրի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը շեշտելու: