
Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարի Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունենալիք 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի խաղերուն Սառա Հերպըրթ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ առագաստանաւի մրցումներուն մասնակցելով:
Սառա, որ 2007-ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացաւ, նախապէս կը ներկայացնէր Ֆրանսան, սակայն վերջինս Սառան փոխարինեց այլ մարզիկով մը՝ ըսելով, որ ան լաւ արդիւնք չէր արձանագրեր Ֆրանսայի համար: Ան դուրս դրուեցաւ Ֆրանսայի հաւաքականէն՝ սրտի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք:
Անգլիոյ մէջ 2012ի Ողիմպիականին Հայաստան պիտի մասնակցի առագաստի մարզաձեւին