
Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ուսումնարանին մէջ, Օգոստոս 1ին տեղի ունեցած է 308 շրջանաւարտներու սպայի կոչման յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, զինեալ ուժերու ԳՇ պետ զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, բարձրաստիճան զինուորականներ ու շրջանաւարտներու հարազատներ:
ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ հանդիսութեան ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: Իսկ նախարար Ս. Օհանեան, շնորհաւորելով շրջանաւարտները՝ նշած է, որ ռազմական հիմնարկի սպաները բազմիցս ապացուցած են իրենց նուիրուածութիւնը հայրենիքին։
«Դուք, համալրելով Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերը՝ նոր ու հաստատուն քայլերով զարկ էք տալիս մեր բանակի հզօրացմանը», ըսած է նախարարը:
Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական ուսումնարանի պետ, զօրավար-հրամանատար Մարթին Կարապետեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ռազմական ուսումնարանի 17 տարուան պատմութեան ընթացքին, 3500 սպա համալրած է ազգային բանակը՝ շարունակելով Հայաստանի զինուած ուժերու յաւիտենական երթը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն՝ 23-30 Յուլիսին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ՝ հակառակորդը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 700 կրակոց: