Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին, խօսք առաւ ՀՀ նախագահը, որ ողջունելով բոլոր ներկաները նշեց թէ

նախորդ տարի հայաստանեան երեք կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը ԵԺԿին մեծ նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն էր: «Եւրոպական մերձեցման կարեւորագոյն նպատակներից մէկը մեր ժողովուրդների, հասարակութիւնների, անհատների միջեւ շփումների խթանումն է, իսկ այդ հասարակութիւնների կարեւոր մաս են կազմում նաեւ քաղաքական կուսակցութիւնները: Միջկուսակցական փոխ գործակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի եւրոպական քաղաքական մշակոյթի տարածման, եւրոպական արժեհամակարգի ամրապնդման տեսնակիւնից», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ մեծ կարելիութիւններ կու տայ միջազգային եւ միջխորհրդարանական կառոյցներուն մէջ «մեր ձայնն աւելի լսելի դարձնելու համար»:
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ՝ իբրեւ քրիստոնէական-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտանիք, ԵԺԿն չի կրնար հանդուրժել ժողովրդավարական ազատութիւններու ոտնահարումը, այլատեացութիւնը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ուժի կիրառման սպառնալիքը: «Այս երեւոյթները մեր ընդհանուր պատմութեան ամենանուրբ էջերի յիշողութիւններն են արթնացնում: Մեզ չի կարող չանհանգստացնել այն փաստը, որ Եւրամիութեան անդամակցութեան դէպքում էլ Թուրքիան շարունակում է լինել «լաւ գործընկեր» Հայաստանի շրջափակման գործում: Համոզուած ենք, որ Եւրոպայի այս վերջին փակ սահմանը պէտք է բացուի անմիջապէս եւ առանց նախապայմանների», ըսած է նախագահը: