
Պաշտօնական վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 2010 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 5.5 տոկոսով՝ կազմելով 118 միլիառ դրամ: Այս տարուայ առաջին եռամսեակին աճի կշռոյթը արագացած է՝ հասնելով 9.7 տոկոսի:
Երկօրեայ աշխատանքային այցով Ղարաբաղ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը լաւատեսական գնահատականներ հնչեցուց ԼՂ տնտեսութեան վերաբերեալ:
ԼՂՀ եւ Հայաստանի վարչապետները
կայցելեն սնունդի վերամշակման
ձեռնարկութիւն մը, Ասկերանի մէջ
«Այն ցուցանիշները, որոնք այսօր առկայ են, յոյս են ներշնչում, որ մօտակայ տարիներին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութիւնն ունենալու է կայուն զարգացման կշռոյթ», - պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի թղթակիցներու հարցումին՝ այս կարծիքը յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: «Նախորդ տարիների ընթացքում էլ արձանագրուած աճի թեմփերը բաւական տպաւորիչ են, եւ կուտակուած պոտենցիալը այսօր այնպիսին է, որ մենք տեսնում ենք, որ կայուն զարգացում է լինելու տնտեսական համակարգում ե՛ւ այս տարի, ե՛ւ ապագայ երեք տարիների ընթացքում»:
Տիգրան Սարգսեանի ղարաբաղեան այցելութեան ընթացքին կուղեկցէին Հայաստանի արդարադատութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարները:
Ղարաբաղի իր գործընկերոջ՝ Արա Յարութիւնեանի հետ Տիգրան Սարգսեանը այցելեց ԼՂ տնտեսութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Արցախֆրութ» պահածոներու գործարան, ԼՂ տոհմային կայան, ինչպէս նաեւ Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղի մերձակայքը տեղակայուած «Տեխնոֆութ» ընկերութեան փայտամշակման կէտ:
Վաղը վարչապետ Սարգսեանը պիտի հանդիպի նաեւ այլ ընկերութիւններու հետ, ինչպես նաեւ պիտի այցելէ զօրամասեր:
ԼՂՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի կառավարական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական հանրապետութիւններու տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ գիւղատնտեսութեան մարզը, միացեալ նեդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ տեղական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը: Երկու կողմերը նշեցին ներհայկական կապերու շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու համաչափ զարգացման կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը:
Հանդիպումին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Հայաստանի վարչապետը յայտնեց թէ «Չափազանց կարեւոր եմ համարում նման հանդիպումները, քանի որ կարողանում ենք յստակեցնել ամէն ինչ», ըսաւ ան, աւելցնելով թէ լայնօրէն քնարկուեցան ընկերային - տնտեսական խնդիրներ եւ յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառի բոլոր հարցերուն եւ համատեղ ծրագրերուն: