Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Յայտնի հայ դերասան, երգիծաբան եւ դրամատուրկ Վարդան Պետրոսեան, Օգոստոս 8ին եւ 9ին, Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ ժամանակակից երիտասարդութեան բարդոյթներուն եւ խնդիրներուն մասին պատմող «Սեռասարսափ» ներկայացումը:


«Սցենարը երկար ճանապարհ է անցել: Այն զարգացել է համաշխարհային ցնցումներին եւ քաղաքական իրադարձութիւններին զուգահեռ, եւ միշտ փոխել է իր անուանումը՝ «Մի վախեցէք», «Յիսուսը մեզ հետ է», «Յօ երթաս»: Այնուհետեւ նա յանկարծակի ստացել է «Սեռասարսափ» անուանումը, քանի որ դրանում միշտ քննարկւում են այն հարցերը, որոնց մասին մենք ե՛ւ խօսում, ե՛ւ լռում ենք… մենք դրանց պատասխանն ենք փնտռում, բայց չգիտես ինչու՝ չենք ցանկանում քննարկել», ներկայացման մասին խօսելով յայտնեց Վարդան Պետրոսեան:
Երգիծաբանը պատմեց նաեւ, որ իր ներկայացման մէջ կը պատմուի երկու դասընկերներու՝ գործարարի եւ թեթեւաբարոյ կնոջ անսպասելի հանդիպման պատմութիւնը: Ըստ նիւթին, դպրոցական տարիներուն զիրար սիրող մարդոց յուզիչ եւ դրամատիկ հանդիպումը կը վերածուի իշխանութիւն-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան:
Դերասանը աւելցուց, թէ ներկայացման մէջ կայ իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան փոխյարաբերութիւններուն մասին «Շախմատային դիւանագիտութիւն» անունով հատուած մը, զոր Պետրոսեան գուշակած է նախքան Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրեսին միջեւ ներկայ երկխօսութեան բանակցութիւններուն սկսիլը:
Պետրոսեան լրագրողներուն յայտնեց նաեւ, որ ներկայացման ընթացքին կը քննարկուին երիտասարդութեան վերաբերող այնպիսի արդիական խնդիրներ, ինչպիսին է «կրթութեան պաշտամունք»ը, որ ցոյց կու տայ «օժիտի համար» վկայական ստանալը, նաեւ սիրային յարաբերութիւնները, որոնք կը կրեն ցուցադրական բնոյթ եւ այլն:
Թատերագիրը նաեւ ընդգծեց, որ ստեղծագործութեան մէջ իր վերջնական նպատակը ոչ թէ հասարակութեան դաստիարակումն է, այլ՝ անձի ինքնաճանաչման հասնիլը: Ըստ անոր, ժամանակակից երիտասարդութիւնը միայնակ է եւ աւագ սերունդի օգնութեան կարիքը ունի: Երգիծաբանը նշեց, որ երիտասարդութեան հիմնական խնդիրը այն է, որ ժամանակակից կեանքի հովերը ընդունելով՝ ստիպուած են հնազանդիլ հին աւանդոյթներուն: